ՆԱՄԱԿ` ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է

Առաջ գիտէի, թէ ոեւէ մարդ, անպէտքները չհաշուած, կամ որեւէ իր, երբ բանի մը ծառայէ, արժէք մը ունի, եւ նոյն արժէքները առհասարակ իրարու հաւասար կ՛ըլլան, ինչպէս հաւասար էին Խորհրդային Միութեան մէջ եղած բոլոր շնչաւոր առարկաներն ու անշունչ իրերը:

Այսօրուան իրողութիւնները ցոյց կու տան, որ աշխարհիս մէջ արժէքաւոր եւ անարժէք շատ մը արժէքներ կան: Նաեւ կան արժէքներ, որոնք ժամանակի ընթացքին դարձած են աննշան` իրենց սեփական կարծիքները պահելով եւ մտածելու ու շարժելու կարողութիւնները անտեսելով, ոչ թէ խնայողութիւն ընելու նպատակով, այլ` մտահոգուելով, որ ներկայ միտքն ու տրամաբանութիւնն ալ կը մաշի եւ անգործածելի կը դառնայ, ինչպէս անգործածելի դարձած են շատ մը ուրիշ կարծիքներ եւ կօշիկներ:

Սակայն այսօր, կը կարծեմ պահը եկած է, որ հայրենիքին մէջ կարգ մը արժէքներ իրենց փլած դիրքերը վերականգնեն ոչ թէ առ ի կարօտ նախկին բարքերու, որոնք հիմը եղած են մեր գոյութեան, այլ պարզապէս որովհետեւ Դաշնակցութիւնը այսօր եւս ընելիք ունի ո՛չ միայն Հայ դատի գծով, այլեւ` ներկայ Հայաստանի սահմաններուն մէջ:

Մենք` սփիւռքահայերս, մեր աչքերը սեւեռած կը մնանք մեր արդար Դատի պահանջատիրութեան կողմը` անտեսելով այն իրողութիւնը, որ մենք ներկայիս ունինք հայրենիք մը, որ կարելի է ըսել, ճգնաժամի մէջ է: Ինչպէ՞ս կրնանք աւելին պահանջել, երբ մեր տիրապետածը չգոյանալու վտանգին տակ է: Մեր հողային պահանջատիրութիւնը զուրկ է որեւէ արժէքէ, երբ ան չի կցուիր վերաբնակեցման գաղափարին: Աւելի՛ն. մեր հողային պահանջատիրութիւնը զուրկ է որեւէ արժէքէ, երբ մեր ներկայ սահմանները կը պարպուին հայերէ: Վերջին տուեալներուն համաձայն, քանի մը տարուան ընթացքին աւելի քան 60 հազար հայեր «լքած են» իրենց հողը` ուղղուելով սահմանակից երկիրներ:

Այսօր լեւոնտէրպետրոսեաններ հարիւր հազարաւորներ կը խմբեն իրենց շուրջ` դատարկ ու անիմաստ խօսքերով: Իսկ մենք, մեր նպատակներն ու մարտադաշտերը բազմապատկած, կը ձախողինք ամէնուրեք: Ճիշդ է, որ դատարկ խօսքերը չեն տրուած Դաշնակցութեան, սակայն Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ տակաւին շատ ընելիք ունի եւ կը հաւատամ, որ ան չէ ուշացած, գնացքը չէ մեկնած տակաւին: Պէտք է արագ շարժիլ: Ներկայ հայրենիքը` այդ արժէքը կորսնցնելու պարագային է, որ մեր գոյութեան իմաստը կը դադրի:

ՊԵՐՃ. Թ.

Երեւան

Share this Article
CATEGORIES