ՊԸՆ ՀԱՄՄԱՄ ԱՓՐԻԿԵԱՆ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ԱԿՆԿԱԼԷ

Մոհամետ Պըն Համմամ

Ասիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին նախագահը` քաթարցի Մոհամետ պըն Համմամ ափրիկեան երկիրներուն զօրակցութիւնը կ՛ակնկալէ, ՖԻՖԱ-ի նախագահական ընտրութիւններուն նախօրեակին:

Ան իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ իւրաքանչիւր երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոններուն տրամադրուած պիւտճէն, որ ներկայիս 250 հազար ամերիկեան տոլար է, պատրաստ է բարձրացնելու մինչեւ 400 հազար ամերիկեան տոլարէն 1 միլիոն ամերիկեան տոլարի, անշուշտ եթէ ՖԻՖԱ-ի նախագահ ընտրուի:

Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ի նախագահի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 1 յունիսին` Ցիւրիխի մէջ (Զուիցերիա):

 

Share this Article
CATEGORIES