Ա. ԹԷ. ՍԷ. ԷԼ.- ԼԻԲԱՆԱՆԻ 34-ՐԴ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՌԵԼԻՆ` 16-18 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐԻՆ

Երէկ, Ա. Թէ. Սէ. Էլ. պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ 16-18 սեպտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի 34-րդ միջազգային ռելին, որ կ՛իյնայ Միջին Արեւելքի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի ռելիներուն ծիրին մէջ:

Իրենց գումարած յատուկ ժողովին ընթացքին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի պատասխանատուները յայտարարեցին, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքները այժմէն իսկ սկսած են:

Անոնք աւելցուցին ըսելով, որ անցեալ տարուան փորձառութենէն օգտուելով` այս տարի եւս որոշուեցաւ ռելիին կարգ մը հանգրուանները կատարել գիշերով:

Նախորդ տարուան նման, այս տարի եւս Ֆուատ Շեհապի մարզական համալիրը դրուած է Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի տրամադրութեան տակ, ուրկէ տեղի պիտի ունենայ ռելիին սկիզբը:

Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին այս ռելիին իրենց մասնակցութիւնը բերել, առաւելագոյնը մինչեւ 11 յուլիս պայմանաժամ ունին` իրենց եւ օգնականներուն անունները արձանագրելու Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):

Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի տեղացի հանրածանօթ վարորդներէն բացի, այս անուանի ռելիին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ փորձառու վարորդներ:

Share this Article
CATEGORIES