ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ` Ի ՊԱՏԻՒ ՀԱՅ ԳՈՐԾԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԻՉՆԵՐՈՒՆ

Նախարար Յակոբեան` լիբանանահայ գործարար պատուիրակութեան հետ

Երէկ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին 29-30 ապրիլ տեղի ունենալիք Հայ առեւտրաարդիւնաբերական պալատներու եւ գործարարներու միութիւններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովի մասնակիցները, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմի ներկայացուցիչներ, հայրենիքի մէջ գործունէութիւն ծաւալած սփիւռքահայ գործարարներ:

Խորհրդաժողովը կը կազմակերպուի Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ, Հայ-քանատական գործարար խորհուրդի եւ Հայաստանի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի աջակցութեամբ: Խորհրդաժողովին պիտի մասնակցի շուրջ 30 հոգի 9 երկրէ` Քանատա, Միացեալ Նահանգներ, Պելճիքա, Իրան, Լիբանան, Աւստրալիա, Արցախ եւ Հայաստան:

 

Share this Article
CATEGORIES