ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ` ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԴՈՒՄԱՆ» ԿՈՄԻՏԷԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՊԱՏՄԱԳՐՈՂ ՅՈՒՇԱՔԱՐԸ

Սփիւռքի պատմութեան մէջ լիբանանահայ գաղութը տասնամեակներու ընթացքին ունեցած է իւրայատուկ դերակատարութիւն եւ նշանակութիւն:

Բարբարոս թուրքին եաթաղանէն ճողոպրած հայորդիներ Լիբանան հասնելով` այս անգամ կը մղեն վերապրելու պայքարը կեանքի ամէնէն դաժան պայմաններու դէմ յանդիման:

Եւ, շնորհիւ իրենց հաւատքին, անդուլ կամքին, աշխատասիրութեան, նուիրումին, պարկեշտութեան եւ ազգային բարձր գիտակցութեան  կը շէնցնեն շրջապատ մը ամբողջ եւ դառնալով հիւրընկալ երկրին հաւատաւոր քաղաքացին, կ՛արժանանան երկրի պետութեան ու քաղաքացիներուն ջերմ գնահատանքին եւ երախտագիտութեան:

Այո՛, տասնամեակ առ տասնամեակ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ կազմակերպել ինքզինք` կառուցելով եկեղեցի, դպրոց, ակումբ, հիմնելով միութիւններ եւ հաւաքական մեր կեանքը հունաւորող հաստատութիւններ:

Իբրեւ կազմակերպուած եւ  իւրայատուկ նշանակութեամբ գաղութ, լիբանանահայութիւնը անմասն չէր կրնար մնալ ազգային իտէալներու իրականացման նպաստող աշխատանքներէն:

Յիրաւի, ամէն առիթով, որեւէ զարգացումի լոյսին տակ եւ ձեռնարկի ընթացքին, լիբանանահայութիւնը  իր լսելի ձայնն ու կամքը կ՛արտայայտէ` թիկունք կանգնելով համահայկական աշխատանքներու եւ Հայ դատի նուիրական նախաձեռնութիւններու:

Սակայն, 1975 թուականը անկիւնադարձային կ՛ըլլայ ամբողջ Լիբանանի համար, երբ կը պայթին եղբայրասպան կռիւներ, ուր անոնք տակաւ տարածուելով կը ստանան քաղաքացիական պատերազմի բնոյթ` ահ ու սարսափի մատնելով երկիրն ու ժողովուրդը:

Ստեղծուած նման կացութիւններուն մէջ լիբանանահայութիւնը ապաւինելով իր սեփական ուժերուն յանձն կ՛առնէ պահել ու պահպանել իր գաղութը,  տէր կանգնիլ իր ճակատագիրին եւ առանց վարանումի կը ստանձնէ իր ժողովուրդին պաշտապանութեան անյետաձգելի եւ սուրբ գործը:

Փաստօրէն,

Գաղութահայ կեանքի ճակատագրուած օրինակ կը հանդիսանայ լիբանանահայութեան ցուցաբերած դիմադրողական եւ պաշտպանական օրագրութիւնը:

Պատերազմական ամէնէն թէժ պայմաններուն մէջ իսկ, հայ քաջասիրտ երիտասարդութիւնը անհաւասար մարտերու ընթացքին կ՛երկնէ սխրանքներու ամէնէն պանծալին:

Եւ, քաոսային այդ պայմաններուն մէջ, հայութիւնը կը զոհէ իր լաւագոյն տղաքը, վասն ժողովուրդի ապահովութեան, հայկական կառոյցներու պաշտպանութեան,  կեանքի բարօրութեան, սերունդներու յառաջդիմութեան ու մանաւանդ հաւաքական մեր կեանքին պատիւն ու արժանապատուութիւնը բարձր պահելու խոր գիտակցութեան:

Ու լիբանանահայութիւնը կ՛ունենայ իր նահատակները:

Անոնք` երիտասարդ թէ տարեց, կը նուիրաբերեն իրենց մաքուր արիւնը` ազգային հպարտանքը ջրդեղելով:

Նահատակներ,  կուսակցական թէ համակիր, որոնք դաշնակցական ակումբին մէջ թրծուած են, անոր դրօշին ներքեւ կը ստանձնեն սրբազան պարտաւորութիւններ, իրենց ամուր կուրծքերը ցցելով թշնամիին դէմ:

Ճիշդ է, որ Լիբանանի 1975-1990 տարիներու քաղաքացիական պատերազմը անցած է պատմութեան, բայց եւ այնպէս անոր յիշատակները ապրող պատմութիւն են վերապրողներուս համար:

Ինչպէս Լիբանանի հայահոծ տարբեր շրջանները, նոյնպէս ալ Թրատի «Նիկոլ Դուման»ի շրջանը իր ժողովրդային տուներու բաժինով, ուր նաեւ կը գործէ «Սերոբ Աղբիւր» ակումբը, ամբողջ պատերազմի ընթացքին կը ցուցաբերէ հայավայել կեցուածք` զոհողութիւններու եւ նուիրաբերումի եզակի օրինակներ կերտելով:

Պատերազմի սկիզբը պահակութեան աշխատանքները, ինչպէս ամէն տեղ, Թրատի մէջ եւս կը սկսէին զգուշաւոր ձեւով: Առաջին օրերուն, տղաքը կը հսկեն միայն «Նիկոլ Դուման» ակումբին մէջ, յետոյ, անոնք սկսան տարածուիլ ակումբին անմիջական շրջակայքը, շէնքերու մուտքին: Եւ, կամաց-կամաց տղաքը հասան ամէն տեղ, դիրքեր շինեցին եւ շրջանի մուտքերուն պահակութեան կեդրոններ հաստատուեցան:

«Նիկոլ Դուման»ի շրջանին մէջ կային պահակութեան քանի մը կեդրոն եւ դիրքեր` ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղին ակումբը, «Մասիս» ակումբին թաղը, ջուրի ընկերութեան ետեւը, նախկին «Զաւարեան» դաշտին մօտ եւ ժողովրդային շէնքերու թաղը: Տղաքը օրական աւելի քան 8 ժամ պահակութիւն կ՛ընէին, իսկ ծանրակշիռ օրերուն, երբեմն պահակութիւնը կրնար երկարիլ 10-էն 13 ժամ: Բոլորը կը գտնուին պատրաստ վիճակի մէջ, զինուորական խիստ կարգապահութեամբ: Եղաւ ժամանակ մը, երբ շրջանի պահակներու թիւը հասաւ 400-ի: Ասոնց մեծ մասը բնակութիւն հաստատած էր Աբգարեան վարժարանի բակին մէջ, ուր ԼՕԽ-ի եւ ԼԵՄ-ի ընկերուհիներու մեծ նուիրումով անոնց ճաշերը կը պատրաստուէր:

Բոլոր տղաքն ալ աննման էին: Զարմանալի է, ամէնէն անկարգ նկատուող տղաքը նոյնիսկ պահակութեան մէջ կը թրծուէին ազգային նկարագիրով եւ դաշնակցական կամքով: Երբեմն ամիսներով անոնք միայն պահածոյ ճաշ կ՛ուտէին, սակայն երբեք չէին տրտնջար կամ դժգոհէր: Ռումբերու եւ փամփուշտներու տարափին տակ վիրաւորներ կը փոխադրէին, հաց եւ դեղ կը հասցնէին, տկարին ու հիւանդին օգնութեան կը հասնէին:

Շրջանի հայութիւնը այդ օրերուն մեզի հետ կը զգար, մեզի հետ կ՛ապրէր: Կէս գիշերին, յանկարծ կը տեսնէիր մայրեր, որոնք ինքնաբուխ կերպով թէյ, սուրճ կամ կաթ կը բաժնէին իրենց թաղի պահակներուն: Քանի˜ քանի˜ ծնողներ ակումբ կը ներկայանային` խնդրելով, որ իրենց պատանի զաւակը եւս մասնակցի պահակութեան աշխատանքներուն, որովհետեւ մեծերուն օրինակը վարակիչ եւ խանդավառող էր անոնց:

Իսկ այս մեծերուն շարքին էին այս շրջանի լաւագոյն տղաքը, որոնք իրենց ընտանիքին ու ազգին պատիւը բարձր պահելու գիտակցութեամբ, զէնն ի ձեռին պաշտպանեցին իրենց թաղերը եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին:

Այս առիթով, ինչպէս չյիշել «Նիկոլ Դուման» ակումբի հաւատաւոր եւ Դաշնակցական ուխտի հաւատարիմ այլ զոհաբերողներու յիշատակը:

Հայ դատի անզուգական նուիրեալներէն Սիմոն Եահնիեանը, Արցախեան ազատագրական պայքարին իր մատղաշ կեանքը նուիրաբերած Վիգէն Զաքարեանը,  դաշնակցական ղեվակարի բացառիկ անհատականութիւն ունեցող եւ անարգ ոճիրի զոհ Սարգիս Ազնաւորեանը, եւ խիզախ, համեստ, քաջասիրտ ու խոնարհ հերոսներու շարքին դասուող Անդրանիկ Պաղտասարեանը` «Քապոյ Անդրանիկ»ը:

Բազում նահատակներ եւ զոհողութիւններու անասելի օրագրութիւններ, որոնց հասարակ յայտարարը` հայութեան համար նուիրաբերումի սքանչելի արիութիւնն է` իր բացառիկ արտայայտութիւններով:

Իրօք, եթէ երբեք լիբանանահայ գաղութը կրցաւ վերապրիլ 15-ամեայ քաղաքացիական պատերազմի եւ թէժ կռիւներու արհաւիրքէն, յաջողեցաւ պահել ու պահպանել իր հայեցի դիմագիծն ու ազգային պատկանելիութիւնը, պարտադրուած փորձութիւններէն կրցաւ դէպի վեր սաւառնիլ անվեհօրէն, ամրօրէն պաշտպանեց հաւաքական իր կառոյցներն ու միջավայրերը: Այս բոլորին իրագործումը ազգովին կը պարտինք հայ նահատակներուն, որոնք յանձն առին նետուիլ զոհաբերութեան բագինին` ինքնապաշտպանութեան ամէնէն փայլուն սխրանքները կենսագործելով:

Ուստի, իբրեւ դաշնակցական իրերայաջորդ սերունդներ, մեր վսեմագոյն պարտաւորութիւնն է ամէն առիթի վկայակոչել նահատակներուն յիշատակը, վեր առնել եւ ընդգծել անոնց իւրաքանչիւրի քաջութիւնը, զգալ անոնց ներուժն ու տէր կանգնիլ անոնց թողած աւանդին ու կտակին:

Այո՛, նահատակները կենդանի են այնքան ատեն որ հաւաքականութիւններ իրենց ողջուցը կը խոնարհին անոնց սխրանքներուն եւ յիշատակին դիմաց եւ ամէն քայլափոխի` արժանահաւատօրէն կ՛ընդելուզուին անոնց սէգ ճակատներէն ցայտող վերապրելու կամքին ներուժով:

Եւ այս յանձնառութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւնը, այս առիթով կու գայ խոնարհելու իր շրջանի բոլոր զոհուածներու յիշատակին դիմաց:

Փա՛ռք անոնց յիշատակին:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES