Վիրաւոր Ըլլալուն Պատճառով Եուրա Մովսիսեան Մինչեւ Յառաջիկայ Գարուն Դաշտ Պիտի Չկարենայ Ներկայանալ

Իր լուրը քաղելով ռուսական sport-express.ru կայքէջէն, PanArmenian.Net հայկական լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ մինչեւ յառաջիկայ գարուն, այսինքն` մինչեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան աշնանային շրջանին աւարտը:

Ակումբի գլխաւոր մարզիչ Սլավոլիուպ Մուսլինի կ՛ըսէ. «25 տարեկան Մովսիսեան վերջին երեք շաբաթներուն դաշտ չէր ներկայանար` իր ստացած ոտքի վնասուածքին պատճառով: Ան այժմ կը մարզուի առանձինը` շատ թեթեւ փորձեր կատարելով: Յոյսով ենք, որ ան շուտ կը վերադառնայ ֆութպոլի դաշտերը»:

Մովսիսեան` «Փրեմիեր Լիկ»-ի Լաւագոյնը

Այլ գետնի վրայ, championat.com-ի համաձայն, Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Քրասնոտարի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեան ճանչցուած է «Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն ֆութպոլիստը:

Մովսիսեան, որ ցարդ նշանակած է 9 կոլ, ապահոված է 6,88 կէտ:

5-րդ դիրքին վրայ կը գտնուի Քուպանի միջնապահ Արազ Օզպիլիս (6,7 կէտ):

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )