ՍԱԼԵՀ ՔԱԹԱՐԸ Կ՛ԱՄԲԱՍՏԱՆԷ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՔԱՈՍԸ ՖԻՆԱՆՍԱՒՈՐԵԼՈՒ ՅԱՆՑԱՆՔՈՎ

Եմէնի նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհ սպառնաց չստորագրել Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդին ներկայացուցած Եմէնի տագնապի լուծման ծրագիրը` Քաթարը ամբաստանելով` Եմէնի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ քաոսային վիճակին դաւը հիւսելու եւ ֆինանսաւորելու յանցանքով:

Ան նշեց, որ «ծրագիրին նկատմամբ վերապահութիւն պիտի արձանագրենք, եթէ Ծոցի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու շարքին Քաթար ներկայ գտնուի Եմէնի տագնապի լուծման ծրագիրի ստորագրութեան արարողութեան» յայտնելով, որ Քաթար քաղաքական ներկայ պահը բացասաբար կ՛օգտագործէ:

Սալեհ նաեւ ամբաստանեց Եմէնի ընդդիմութիւնը` յայտնելով, որ անիկա կ՛ուզէ Ծոցի նախաձեռնութենէն առնել այն, որ կ՛ուզէ, եւ մերժել այն, ինչ որ կը մերժէ` ընդգծելով, որ Ծոցի ծրագիրը մէկ ամբողջութիւն մը կը կազմէ, զոր պէտք է գործադրել ըստ անոր կէտերուն եւ առաջնահերթութեանց:

Share this Article
CATEGORIES