ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ԲԱՆԱԿԻՆ ԿԸ ՀՐԱՄԱՅԷ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻԼ ԿԱԶԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՆԱՒԱՏՈՐՄԻՂԻՆ ԴԷՄ ԴՆԵԼՈՒ

Թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին հրամայեց պատրաստուիլ Կազայի շրջափակումը խզելու նպատակը հետապնդող նոր նաւատորմիղին դէմ դնելու: «Ազատ Կազա շարժումը» յայտարարած է, որ 15 նաւեր, ներառեալ` թրքական «Մաւի Մարմարա»ն, մայիսի վերջաւորութեան նախորդ նաւատորմիղին դէմ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին տարեդարձին առիթով պիտի ուղղուին Կազա:

31 մայիս 2010-ին իսրայէլեան մասնայատուկ ուժեր թրքական «Մաւի Մարմարա» նաւը ներխուժելով 9 թուրք գործիչներ սպաննեցին:

Նեթանիահու բարձրաստիճան նախարարներու եւ ապահովական պաշտօնատարներու հետ ռազմավարութեան մշակման յատուկ նիստ մը գումարեց, ապա անոր գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` նշելով, որ Նեթանիահու «արտաքին գործոց նախարարին թելադրած է նաւատորմիղը կասեցնելու ուղղութեամբ ջանքերը շարունակել», իսկ բանակին` «Կազայի շրջափակումը ապահովող անհրաժեշտ պատրաստութիւնները շարունակել»:

Share this Article
CATEGORIES