Ո՛Չ ԻՏԱԼԻՈՅ, Ո՛Չ ԱԼ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՇԱՀԵՐՈՒՆ Ի ՆՊԱՍՏ Է ՖԻՆԻՒԼ-Ի ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ

«ՖԻՆԻՒԼ»ի առաքելութեան սկզբունքներուն մէջ որեւէ փոփոխութիւն կը նշանակէ հարաւային Լիբանանի մէջ «Խաղ»ի բոլոր սկզբունքներուն փոփոխութիւնը», յայտարարեց նախկին նախարար Ուիամ Ուահհապ երէկ` Չինաստանի դեսպանին հետ ունեցած իր խորհրդակցութեան աւարտին:

Այս առիթով Ուահհապ բարձր գնահատեց Չինաստանի կեցուածքը` մաղթելով, որ անիկա Ռուսիոյ հետ միասնաբար դէմ կանգնի ՄԱԿ-ի մէջ միջազգային որեւէ կազմակերպութեան շահագործումին:

ՈՒԱՀԱՊ ՆԵՐՈՒՄ ԿԸ ՀԱՅՑԷ

«Ան որ մեզի յանձնած էր դրամատոմսերը, ի յայտ եկաւ, թէ ինք կեղծած է զանոնք», ըսաւ նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ` երէկ ներում հայցելով նախկին նախարար Ապտել Համիտ Պայտունէն եւ երեսփոխան Ժամալ Ժարրահէն: Արդարեւ, ըստ Ուահապի, յետ քննութեան ի յայտ եկած է, որ թուրքի Պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մօտ գործած նախկին պաշտօնեաներէն Իպրահիմ Պայտուն կեղծած է իշխան Թուրքիէն ստացած իր դրամատոմսերը` անոնց վրայ աւելցնելով յիշեալ անհատներուն անունները:

Share this Article
CATEGORIES