ԼՕԽ-Ի ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ. ՕՐԴ. ՀԵՐՄԻՆԸ

Ուրբաթ կէսօրէ ետք, ժամը չորս: Դուռը զարնուեցաւ: Օրդ. Հերմինն էր, մեր շէնքին առաջին յարկի վարձակալը, մեր դրացին: Խօսակցութիւնը շատ համակրելի, կտրուկ-կտրուկ շեշտ մը ունի:

– Հրամէ՛, նստէ,- ըսի` նստասենեակ առաջնորդելով զինք:

– Հերա՛, հարցում մը ունիմ,- ըսաւ.- քանի մը օրէ ապրիլ երկուքէն մինչեւ տասը ԼՕԽ-ը հանգանակութեան շաբաթ յայտարարեր է, կը սպասեմ, կը սպասեմ, մէկը չ՛երեւիր, ի՞նչ պիտի ընենք, որո՞ւ պիտի տանք:

Յուզումով եւ թրթռուն ձայնով, մէկ շունչով խօսեցաւ, մինչ այդ ես, խնդալով, կը փորձէի զինք հանդարտեցնել. վերջապէս յաջողեցայ ըսել.

– Բայց, օրդ. Հերմի՛ն, դուն մասնակցեցար շատոնց, ես գանձեցի քեզմէ:

– Ե՞րբ, ո՞ւր, ինչպէ՞ս:

– Տիկին Արմինէին տունը, հոն եկայ հանգանակութեան, դուն ալ հոն էիր այդ պահուն, անոր տուած ժամանակ դուն անմիջապէս սրտաբուխ գրպանդ եղածը ափս դրիր, մոռցա՞ր:  Կրկին թաւ ձայնով` ե՞րբ հարցուց:

– Մարտի կիսուն կամ վերջին շաբաթը,- ըսի (ես տետրակները կանուխ ստանձնած էի անուանացանկով միասին):

– Գիտե՞ս, Հերա՛, ասիկա պարտականութիւն է, հա՛, ես չեմ ուզեր թերանալ, ի՛նչ որ պէտք է, ե՛րբ որ պէտք է, կրցածիս չափ կու տամ, հա՛, մոռնալ չեմ ուզեր, ասանկ ատեն միշտ ինծի ըսէ՛, լո՛ւր տուր:

– Միտքդ հանգիստ թող ըլլայ, օր մը չես մոռցած, չես թերացած ամբողջ կեանքդ աշխատեր ես,  տուեր ես,- ըսի եւ անցանք ուրիշ նիւթի:

Եթէ ամէն հայ օրդ. Հերմինէի գիտակցութիւնն ու փափկանկատութիւնը ունենայ ԼՕԽ-ի գանձանակը միշտ լեցուն կը մնայ:

Աստուած սրտերնուն համեմատ տայ օրդ. հերմիններուն…

ՀԵՐԱ ՆԱՃԱՐԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES