«ՀԱՏԱՐԱԹՈՒՆԱ» ԱՄՍԱԹԵՐԹԻՆ ԶՐՈՅՑԸ` ՍԵՄ ԵՒ ԼԵՆԱ ՐԱԳՈՒՊԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Լենա Րագուպեան

Լենա Րագուպեանի կենսագրական տեղեկութիւններուն կողքին, «Հատարաթունա» ամսաթերթը կ՛անդրադառնայ անոր աշխատանքներուն, որոնց ծիրին մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնէ անոր ջանքերով եւ օժանդակութեամբ հիմնուած «Սեն Մարք» բարեսիրական միութիւնը, որուն յաջորդած է «Սեն Մարք»ի դարմանատունը, որ կը գտնուի Պուրճ Համուտի մէջ:

Լ. Րագուպեան կը հաստատէ, թէ դարմանատան նպատակն է բժշկական ծառայութիւն ապահովել նաեւ ժողովուրդին համեստ դասակարգին: Այս առումով ան կը շեշտէ, թէ դարմանատան դռները բաց են բոլոր լիբանանցիներուն եւ բոլոր համայնքի զաւակներուն առջեւ:

Դարմանատունը կը տրամադրէ նաեւ դեղորայք` առանց նիւթական ակնկալութեան:

«Մարդ արարածը ծնած է օժանդակելու համար իր եղբօր` մարդ արարածին», կ՛ըսէ Լ. Րագուպեան: Անդրադառնալով հայ կնոջ դերակատարութեան` Լ. Րագուպեան կը հաստատէ, թէ հայ կինը կը ծառայէ բոլոր մարզերուն մէջ, ըլլան անոնք կրթական, գիտական, բժշկական թէ այլ:

Սեմ Րագուպեան

Իր կարգին, «Սէն Մարք»ի տէր եւ տնօրէն եւ «Դիտակ»ի խմբագրապետ Սեմ Րագուպեան «Հատարաթունա» ամսաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ «Սեն Մարք»ի հիմնադրութեան թուականին ու մանրամասնութիւններուն` ընդգծելով նաեւ փորձառու եւ մասնագիտացած անձնակազմ մը ունենալու կարեւորութիւնը:

Սեմ Րագուպեան անդրադարձաւ նաեւ «Սեն Մարք» տարրալուծարանին մատուցած ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ` հաստատութեան մնայուն արդիականացման ջանքերուն:

Սեմ Րագուպեան կը շեշտէ նաեւ, թէ ինք երբեք համայնքային խտրականութիւնը քաջարելող անձ մը չէ եւ կը հաստատէ, որ հարկ է պայքարիլ այդ երեւոյթին դէմ:

Նշենք, որ ամսաթերթին մէջ հրատարակուած է նաեւ Սեմ Րագուպեանի արաբերէնով մէկ յօդուածը, որ կ՛անդրադառնայ համայնքային խտրականութեան վերջ տալու եւ աշխարհիկ կարգերով պետութիւն մը հիմնելու անհրաժեշտութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES