ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ 5 ՄԱՅԻՍԻՆ. ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՓԻՆԿ ՓՈՆԿԻ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆ – ՄԱՅՔ ՍՓՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԻ ԿՆՔՈՒՄ

Յառաջիկայ հինգշաբթի, 5 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին, Զալքայի «Մայք Սփոր» վաճառատան մէջ տեղի պիտի ունենայ պայմանագիրի կնքում` Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին եւ «Մայք Սփոր» հաստատութեան միջեւ:

Մարզական ամէն տեսակի պիտոյքներ վաճառող այս հաստատութիւնը Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին տրամադրութեան տակ պիտի դնէ ամէն տեսակի գոյքերը, որոնց անիկա կարիք պիտի ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբերին, երբ Լիբանան հիւրընկալէ Ասիոյ փինկ փոնկի ախոյեանութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES