ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ

Իտալիոյ նախագահ Ճորճիօ Նափոլիթանօ ընդունեց մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը եւ այս առիթով իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին ու անոր շրջանային դերակատարութեան:

Ռայի պատրիարքը խորհրդակցութիւններ ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանքօ Ֆրաթինիի հետ, որ մաղթեց Լիբանանի կառավարութեան շուտափոյթ կազմութիւնը:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը ճաշի հիւրը եղաւ Հռոմի մէջ Իրանի դեսպանին:

 

Share this Article
CATEGORIES