50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 4 ՄԱՅԻՍ 1961 )
ՏՈՄՍԵՐ
ԿԱՌԱՎԱՐԻ ՏԱՍՆԱԲԱՆԵԱՅ
Ընկերոջ մը հետ քաղաքէն դուրս կ՛երթանք մարդատար մեծ պասով մը: Առաջին շարքի աթոռին վրայ տեղ գրաւած ենք, որով կարելի է կառավարին իւրաքանչիւր խօսքը լսել բացարձակ յստակութեամբ:
– Վարպետ շոֆեր է եղեր մարդը,- ըսաւ ընկերս:
– Ինչո՞ւ,- հարց տուի անտարբերութեամբ:
– Բնական է, որ վարպետ ըլլայ, երբ այսքան սահուն կերպով կրնայ հայհոյել,- ըսաւ խօսակիցս` հաստատելով իր վարկածը:
Իսկապէս շատ սահուն կերպով կը թափէր մարդը, մերթ թրքերէնով, եւ մերթ արաբերէնով: Կրնամ ըսել, թէ Յակոբ Կիւլոյեան չի կրնար այդքան սահուն կերպով արտասանել… «Վէրք Հայաստան»ին…:
Ընկերս միայն մէկ յատկութիւն յիշեց, ապա լռեց եւ թողուց որ, մնացեալ «առաքինութեանց» մասին ես խորհիմ եւ թուղթին յանձնեմ:
Երկրորդ յատկութիւնը «իտէալ» կառավարի մը, ջուրի պէս օղի ըմպել է: Ինչ որ նախաճաշ չառնող մարդ մը սրտխառնուք կ՛ունենայ եւ` գլխապտոյտ, նոյնպէս օղի չխմող կառավար մը գլխապտոյտ կ՛ունենայ եւ չի կրնար հանգիստ կերպով ինքնաշարժ քշել…
Երրորդ մէկ յատկանիշը «տիպար» վարիչի մը, ոստիկանին սուլիչի ձայնը չլսելն է… երբ ոստիկանը հարց տայ, թէ ինչո՞ւ կանգ չառիր, «չլսեցի» ըլլալու է «պարկեշտ», եւ «օրինապահ» կառավարին պատասխանը:
Չորրորդ յատկութիւն մը` երբեք դանդաղ չքշել ինքնաշարժը եւ միշտ ուրիշներու հետ մրցակցութեան մէջ ըլլալ:
Հինգերորդ պատուիրանը վարիչի մը սա է, թէ երբեք պէտք չէ սպասէ, որպէսզի յաճախորդը ինքնաշարժ բարձրանայ եւ կամ անկէ վար իջնէ: Թող յաճախորդները քիչ մը «չարքաշ» ըլլան եւ բեռնակրի մը ճարպիկութեամբ ինքնաշարժ բարձրանալ եւ իջնել սորվին… ցատկելով:
Վեցերորդ կարեւոր կէտը սա է, թէ որեւէ «օրինակելի» կառավար պարտի օրուան առնուազն մէկ երրորդը սրճարանի մէջ անցընել: Չէ՞ որ այս աշխարհը իրենց պիտի չմնայ, ուրեմն ինչո՞ւ համար կեանքը երջանկութեամբ, այսինքն փոքեր, եւ պլոթ խաղալով չանցընել…
Եօթներորդ յատկանիշը, որով կառավարի մը խիզախութիւնը ի յայտ կու գայ, սա է, թէ կրնայ խանգարուած մեքենայով աշխատիլ եւ կամ ղեկը թող տալով ձեռքերը շարժելով` ճառախօսութիւն ընել: Օրինակի համար, փրթելու աստիճան թուլացած արգելակով ինքնաշարժ քշելը ամէն մարդու գործ չէ վերջապէս…
Ութերորդ կէտին չհնազանդող կառավար մը վախկոտ կը կոչուի իր դասակիցներէն: Ասոնցմէ են անոնք, որոնք պետական օրէնքներէն կը վախնան: Օրինակ, երբ աւելի, աւելորդ յաճախորդ չլեցնեն:
Իններորդ կէտը սա է, թէ «օրինակելի»ի վարիչ մը երբեք սո՛ւտ… չէ, ներողութիւն, ճշմարիտ խօսելու փորձութեան մէջ չ՛իյնար, եւ կամ եթէ փորձութեան մէջ ինկած է, կրնայ համբերել եւ յաղթել` շնորհիւ իր ճարտար լեզուին… Գիտէ՞ք, թէ Յիսուս ըսած է ատենօք. «Երանի են անոնք, որոնք կրնան փորձութեանց տոկալ»: Նոյնպէս երանի են այն «շոֆերները», որոնք կրնան ճշմարտութեան փորձութեան տոկալ…:
Տասներորդ եւ վերջին. «տիպար» եւ «խիզախ» վարիչն այն է, որ գործէն վերադառնալէն ետք եւ կամ գործի մեկնելէ առաջ լաւ մը կը կռուի կա՛մ իր գործակիցներուն հետ, կա՛մ ընտանիքի անդամներուն հետ:
Այս տասնաբանեային հաւատարիմ հետեւողները շատ են մանաւանդ տեղացի շարժավարներուն մօտ, անշուշտ` յարգելով բացառութիւնները:
ԳԵՒՕ