ԵՐԿԱՐ ԹԱԹՈՎ ԾՂՐԻԹՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ՀՆԱԳՈՅՆ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒՆ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՃԻՒԱՂԻ ԱՉՔԵՐՈՎ ԾՂՐԻԹՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ

Վերջերս թայլանտցի խումբ մը  մասնագէտներ հարաւարեւելեան Ասիոյ մէջ յայտնաբերած են երկար թաթով ծղրիթներ, որոնց աչքերը համեմատաբար շատ աւելի մեծ եղած են իրենց մարմինէն, ինչպէս նաեւ տարօրինակ տեսք ունեցած են: Նշեալ անասունները կը պատկանին գիշերային անասուններու ընտանիքին: Անոնք սակաւաթիւ են:

Մասնագէտները Թայլանտի ածխահանքներուն մէջ յայտնաբերած են բրածոյ ծնօտի ոսկորներ, որոնք պատկանած են մօտաւորապէս տասներեք միլիոն տարի առաջ գոյութիւն ունեցած երկար թաթով ծղրիթներուն: Նշեալ անասուններուն բրածոյ ծնօտի ոսկորներուն ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ անասունին ծանրութիւնը եղած է մօտաւորապէս հարիւր ութսուն կրամ:

Վերոնշեալ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող թայլանտցի կազմաբան Եոալաք Շայմենի ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը ածխահանքներուն մէջ յայտնաբերած են տասնութ բրածոյ ծնօտի ոսկորներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր վրայ կրած է 1-4 փոքր ատամներ:

Երկար թաթով ծղրիթները տարօրինակ են ո՛չ միայն իրենց տեսքով, այլ նաեւ` իրենց ունեցած ցատկելու կարողութեամբ, ինչպէս նաեւ` իրենց վիզը հարիւր ութսուն աստիճան շրջելու յատկութեամբ: Մասնագէտները հետեւցուցած են, թէ հնագոյն Ժամանակներուն ապրած ծղրիթները եւս կրնան նման կարողութիւններ ունեցած ըլլալ, հակառակ անոր որ ժամանակի ընթացքին անոնց կարգ մը յատկանիշները կրնան եղափոխուած ըլլալ:

Ներկայիս գոյութիւն ունեցող ծղրիթները կ՛ուտեն միջատներ եւ կամ փոքր ստնաւորներ: Անոնք ունին շատ սուր ատամներ: Միւս կողմէ, սակայն բրածոյ ծնօտի ոսկորներուն վրայ եղող ակռաներուն ծայրերը շատ կլոր եղած են, ինչ որ հետեւցնել տուած է, թէ հին ժամանակներուն ապրած երկար թաթով ծղրիթները կերած են, այնպիսի՛ ուտելիքներ, որոնք մաշեցուցած են իրենց ատամները:

Մասնագէտ Շայմենի հաւանական գտած է, թէ հնագոյն ժամանակներուն այդ ածխահանքերուն շուրջ գտնուող տարածութիւնները խիտ անտառներ եղած են, ինչպէս նաեւ այնտեղերը ապրած երկար թաթով ու ճիւաղի աչքերով ծղրիթները թռչող գիշատիչներու կեր դարձած են:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգտագործուած աղբիւր՝
«ՆԵՇԸՆԸԼ ՃԻՈԿՐԱՖԻՔ»

Share this Article
CATEGORIES
TAGS