ԱԼԱԹՈՒՐՔԱ ԱՊՐԻԼ 24

2011¬ի ապրիլեան յուշատօնը դարձեալ միացուց մեզ` հայերս: Այդ միացումը մեծ խայտաբղէտութիւն կ’ենթադրէր անշուշտ, բայց կրնանք հպարտանալ, որ 96¬ամեակի նշումը եղաւ պատշաճ եւ տեղին:

Անշուշտ կարելի է մեծապէս հպարտանալ, որ հայոց պետութիւնը աննախընթաց  քայլով մը իսկական միացեալ քայլի դիմեց, երբ ծանուցեց 100¬ամեակի Կեդրոնական մարմինի մը ծնունդը: Սա կրնայ նոր յոյսով եւ եռանդով համակել մէն մի հայ: Երջանկանալու չափ կրնանք ուրախութիւն զգալ:

Անշուշտ այս տարուան տօնակատարութիւնը անգամուան մը համար եւս գօտեպնդեց մեզ, գէթ` այս օրերուս համար: Անկրկնելի բան չկար թերեւս: Բայց ինչ որ նորութիւն էր, այս տարի ապրիլ 24¬ի «նշում»ը եղաւ նոյնինքն Թուրքիոյ կողմէ:

Անշուշտ բոլորս կը յիշենք, որ գրեթէ աւետիսի պէս ընկալած էինք, գէթ` մեզմէ ոմանք, ծանուցումը, որ կը յայտնէր, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը պիտի նախաձեռնէր այս աննախընթաց քայլին եւ ինք եւս նշէր Ցեղասպանութիւնը: Ըրաւ ըսածին պէս, բայց չեմ գիտեր, թէ պէտք է ուրախանա՞լ, թէ՞ զայրանալ: Այդ մէկը կը թողում ընթերցողներուս ճաշակին: Հակառակ ամէն բանի, պէտք է ըսել, որ կ’արժէ այս «նորութիւն»ները արձանագրել: Ի՛նչ կ՛ըլլայ, ի՛նչ չ՛ըլլար:

Առաջին հերթին, բնականաբար պիտի արձանագրենք Թաքսիմ հրապարակին վրայ կայացած հաւաքը, ըստ ոմանց` 1000 հոգինոց, ըստ ուրիշներու` 500¬նոց կամ նոյնիսկ` 200-նոց: Ինչ որ տեսանք փոքր պաստառի վրայ, մարդկային ըմբռնումով ընդունելի երեւոյթ էր: Սա առաջինը չէր, բնականաբար, անցեալ տարի եւս այդպիսի հաւաք կատարուած էր: Թաքսիմ անունը մեր գրականութեան մէջ յաճախ գործածուած անուն էր: Գ. Զոհրապի, Կոմիտասի, Դ. Վարուժանի, Զարդարեանի, Սիամանթոյի եւ տասնեակներով անուններ կարդացուած են, չեմ գիտեր, թէ Թաքսիմի սալայատակն ու զայն շրջապատող հին շէնքերը ինչպէ՛ս արձագանգած են: Կար ժամանակ, երբ այդ մարդիկը այդ հրապարակին վրայ կ’երթեւեկէին, կը ճեմէին…

Այդ հրապարակին վրայ մէկտեղուած թուրք մտաւորականներ պահանջած են, որ թրքական պետութիւնը ներողութիւն խնդրէ իր նախորդներուն գործած կոտորածներուն, ցեղասպանութեան համար: Սա արիութիւն է երկրի մը մէջ, ուր բռնութիւնն ու անզիջողութիւնը տիրական են, այդպիսի պահանջ ներկայացնելը, այո՛, արիութիւն է: Դրական այս քայլին դերասանները, հաւանաբար իրենց հայրենակիցներուն համար շատ ալ թուրք չեն. դաւաճա՜ն են…

Ուրիշ քաղաքներու մէջ ալ նոյնանման ցոյցեր եղեր են: Այսքանը, հակառակ ամէն բանի, շատ լաւ ըսենք ու անցնինք: Անշուշտ այս տեսակի նշումներուն մէջ թուրք պետութիւնը դէմ է` ընդդիմադիր:

Բուն «նշում»ները այլ որակի են: Սկսելու համար յայտնենք, որ ճիշդուճիշդ 24¬ի օրը սկսեր է Կարսի նշանաւոր յուշարձանին քանդումի աշխատանքը: Թրքական քանդումի նկարագիրը արդարացուած է: Այդ յուշարձանը, որ երեսուն մեթր հասակ ունէր  եւ հայ¬թրքական եղբայրութիւնը պիտի խորհրդանշէր, ոչ եւս է այլեւս: «Աստուած հոգին լուսաւորէ» ըսելը տեղին չէ, բայց գոնէ թող մխիթարէ զայն յղացած եւ կերտած արուեստագէտը: Էրտողան վարչապետը, որ ստանձներ էր նաեւ գեղագիտական քննադատի պաշտօն, մահուան դատապարտած էր այդ յուշարձանը: Ճաշակի հարց է, ո՞վ ի՛նչ կրնայ ըսել: Այս ձեւով մարդը պարզապէս ի չիք դարձուց հայ¬թրքական արձանագրութիւններու հարցը: Չեմ գիտեր, թէ մերայինները ի՛նչ բանի կը սպասեն: Սա ֆութպոլային փրոթոգոլը ինչո՞ւ զամբիւղը չեն նետեր…

Թուրքերը խառն զգացումներով դիմաւորեր են Օպամա նախագահին Մեծ եղեռն բառակապակցութիւնը: Կը վախնան եղեր, որ այդ հայերէն արտայայտութիւնը ստանայ այնքան վարկ, որքան` ցեղասպանութիւն արտայայտութիւնը: Աստուա՛ծ լսէ:

Մեզի համար Օպամայի այդ արտայայտութիւնը թրքական սպառնալիքներէն եւ ճնշումներէն վախցող մարդու, ոչ կտրիճ կամ ոչ ճակատաբաց մարդու արտայայտութիւն է: Նորութիւն չէր այս մարդուն նախագահական բարբառիլը: Այս ա՛յս է: Թերեւս կային կարգ մը միամիտ հայորդիներ, որոնք կը յուսային «նորութիւն» լսել այդ մարդուն բերնէն: Ի զո՜ւր:

Այս օրերուս նաեւ հետաքրքրական էր Պրայզայի ոդիսականը: Մարդը, որ թուրքերուն եւ ազերիներուն խաս էնիշթէն (փեսայ) է, չէ կրցեր այցելել Նախիջեւանի քանդուած խաչքարերուն դիրքը: Հզօր պետութեան ներկայացուցիչ ըլլալը կամ թուրքի փեսայ ըլլալը բաւարար չեն այց մը տալու քարուքանդ եղած հայկական գերեզմանտան վայրը: Չես կրնար չհիանալ թրքական չորգլխութեան:

Խոստացեր են քանի մը ամիսէն մարդուն արտօնել այդպիսի այցելութիւն մը: Պռաւօ՛: Վստահաբար այդ գալիք ամիսներուն ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ ամբողջ կառոյցներուն հետքերը այնպէս մը սրբել, որ ո՛չ գերզմանատուն ըլլալը, ո՛չ ալ հայապատկան տարածք ըլլալը կարելի ըլլայ հաստատել: Չէ՜, համոզիչ փաստ  պէտք է արարել, ստեղծագործել: Ի՜նչ հայկական գերզմանատուն ի՜նչ հայկական խաչքար: Դուն քու գործիդ նայէ Մեթիու փաշա: Լաւ կին ունիս, ազերիներու նաւթն ալ կը հոսի ըստ ձեր կամքին: Ի՞նչ փնտռելու ելած ես: Չըլլա՛յ որ վշտացնես կնոջդ պարագաները… զոքանչ (քայնանա) վշտացնելը կամ զայրացնելը լաւ բան չէ՜, հոս արեւելք է…

Էրտողան փաշան յայտարարեր էր, որ սփիւռքը (հայկական) նաեւ իրենցն ալ է: Որքան յուզի՜չ բան: Այս սփիւռքը (զայն բաղկացնող առաջին սերունդով) թրքաշէն կառոյց է, քու պապերուդ արիւնոտ ձեռքերով ստեղծուեցաւ:

Միւս կողմէ, այս սփիւռքէն կը վախնայ թրքական պետութիւնը: Նկատի ունին, որ եթէ սփիւռքը լռէ, Հայաստանի հայութիւնը երէկուընէ լռած կըլլայ: Բայց եկուր տես, որ նախագահական իսկ մակարդակով Հայաստան¬սփիւռք պահանջատիրութիւնը կ՛ամրապնդուի:

Յառաջիկայ ընտրութեանց առիթով, իշխող կուսակցութեան պատասխանատուներէն Պաղըշ էֆենտին այցելութիւն տուեր է պատրիարքարան` ձեւով մը ապահովելու համար հայոց քուէները, յօգուտ իր կուսակցութեան: Մէկ կողմէ կը մերժուին հայ քիչ մը արկածախնդիր անհատներու թեկնածութիւնները, վստահաբար միեւնոյն կուսակցութեան ներշնչումով, միւս կողմէ, աներեսաբար, կը խնդրուի մեր քուէները ստանալ: Կ՛երեւի, թէ միակ հայ երեսփոխան մը իսկ կը վախցնէ թուրք պետութիւնը: Եթէ սա «անհամ» առաջարկներ ներկայացնէ Մեծ ժողովին, կրնայ նեղ կացութեան մատնել Թուրքիոյ ուրացումի քաղաքանութիւնը:

Ուաշինկթընի մէջ, թրքական դեսպանատան առջեւ խումբ մը թուրքեր եւ ազերիներ ուղղակի խնդակցութիւն յայտներ են ապրիլ 24¬ի առիթով: Երգ ու պարով, դրօշակներ ծածանեցնելով մարդիկը երջանկանալու չափ հրճուեր են ի տես հայոց նահատակութեան: Իրաւունք ունին. չէ՞ որ թուրք են…

Դեսպանատան դուռը լայն բացուեր է զտարիւն այս թուրքերուն առջեւ: Ներս առաջնորդուեր են, ուր հաւանաբար լաւ հիւրասիրուած են եւ քաջալերական ու գնահատական ջերմ խօսքերով խրախուսուած են:

Իրաւունք չունի՞նք մտածելու, որ այդ չալղի¬պորտախաղի ցուցադրութիւնը նոյնինքն դեսպանատան եփած ապուրն է: Չմոռնանք, Ամերիկայի մէջ խօսքի ազատութիւնը շա՜տ նուիրական բան է…Ի՜նչ կը մտածէ Օպամա նախագահը, իր Սպիտակ պալատէն քանի մը հարիւր մեթր անդին պարզուած ալաթուրքա տեսարանին մասին… Թէյք իթ իզի, պո՜յ:

Քացխաթթու թուրք Պոհչալի պահանջեր է, որ Օպաման ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Երկու տարուան հնութիւն ունի այդ պահանջը: Ամերիկեան ճանչնալ-չճանչնալու կէյմը կը մտահոգէ թուրք ազգայնամոլ մարդը: Կը նախընտրէ, որ ամերիկացիք ճանչնան եւ վերջակէտ մը դնեն այս սպասումի մթնոլորտին: Իրապաշտ է այս մարդը: Գիտէ, որ Ամերիկայի ճանաչումով, միակ բառի մը` ցեղասպանութիւն, արտասանութեամբդ ոչինչ պիտի կորսնցնեն թուրքերը: Իսկ մենք կրնանք պէտք եղածէն աւելի իսկ գինովնալ: Ե՛ւ Օպաման, ե՛ւ Ամերիկայի հսկայ պետութիւնը այդքանն իսկ ընելու, միակ բառ մը արտասանելու քաջութիւն չունի՜ն: Աշխարհի թիւ մէկը ըլլալու իրողութիւնը այնքան ալ քաջութիւն չի՛ ներշնչեր երեւի…

Թրքական բուն նշումը կատարուած է Պոլսոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Նոյն Թաքսիմ հրապարակին վրայ ոչ միայն անարգեր են հայոց նահատակները, նաեւ փառաբաներ` իրենց նորագոյն հերոս` Օկիւն Սամասթը, այլ նաեւ, շատ յառաջ երթալով, հասեր են չնաշխարհիկ կարգախօսի մը: Թուրք աղաները պահանջեր են, որ լուծե՛նք մեր պետութիւնը եւ վստահինք թրքական լուծին եւ գթասրտութեա՜ն: Այո՛, առանց բառերը ծամծելու, մարդիկը կ՛ուզեն մեզ վերադարձնել Օսմանեան կայսրութեան օրերուն: Ի՜նչ լաւ առաջարկ: Կ՛արժէ լաւ մը «ուսումնասիրել» այս առաջարկը, որ ոչ այլ ինչ է`, քան` Ահմեթ Տաւուտօղլուի առաջադրած «Նոր օսմանականութեան» քիչ մը ծայրայեղ տեսականին: Դիւանագէտներ եւ ծայրայեղականներ կը ձգտին նոյն բանին. վերականգնել Օսմանեա՜ն պետութիւնը: Շնորհաւո՜ր ըլլայ…

ՁԻՒՆԱԿԱՆ

Share this Article
CATEGORIES