ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄՏԱՀՈԳ` ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԸ ԹԱՔՑՆԵԼՈՒ ՄԷՋ ՓԱՔԻՍՏԱՆԻ ԳԱՂՏՆԻ ՍՊԱՍԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵՆԷՆ. ՊԸՆ ԼԱՏԵՆԻ ՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԻՍԼԱՄԱՊԱՏԻ ՄԷՋ ՇՓՈԹ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ

Փաքիստանեան պաշտօնական շրջանակներ Քայիտայի ղեկավար Ուսամա Պըն Լատենի սպանութեան հարցով զիրար հակասող յայտարարութիւններ կատարեցին:

Փաքիստանի վարչապետ Ալի Զարտարի յայտարարեց, որ իր երկիրը չէ մասնակցած Պըն Լատենի սպանութեան ամերիկեան զինուորական գործողութեան` աւելցնելով, որ փաքիստանեան իշխանութիւնները անոր թաքնուած վայրէն տեղեակ չէին: Ուաշինկթընի մէջ Փաքիստանի դեսպան Հասան Հաքանի` հակասելով Փաքիստանի վարչապետի յայտարարութեան, յայտնեց, որ իր երկիրը օժանդակած է Պըն Լատենի թաքստոցի յայտնաբերման աշխատանքին: Փաքիստանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ զօր. Ահմետ Շուժաա Փաշա իր կարգին յայտարարեց, որ իր ղեկավարած գործակալութիւնը տեղեակ էր ամերիկեան գործողութենէն եւ մասնակցած է անոր, իսկ Փաքիստանի գաղտնի սպասարկութիւնը նշեց, որ ապրիլի կիսուն Լահորի մէջ ձերբակալուած երկու ֆրանսացիներու եւ Ապոթապատի մէջ ձերբակալուած ինտոնեզիացիի մը փոխանցած տեղեկութիւնները օժանդակած են Պըն Լատենի թաքստոցի բացայայտման:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի զինուորական եւ քաղաքական հարցերով օգնական Մարք Քիմիթ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին կասկած յայտնեց, որ Պըն Լատեն այսքան ատեն Ապոթապատի մէջ բնակած ըլլայ առանց արտաքին օժանդակութեան: Ան նշեց, որ այն հաւանականութիւնը, թէ փաքիստանեան գաղտնի սպասարկութիւնը մեղսակից եղած է այդ դաւին, Միացեալ Նահանգներ-Փաքիստան յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութիւն պիտի ստեղծէ: Քիմիթ ընդգծեց, որ այս հարցը քանի մը օրէն պիտի յստականայ:

Միւս կողմէ, «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով «Սի. Այ. Էյ.»էն աղբիւներ, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան ներկայացուցիչները կ՛ենթադրեն, որ Պըն Լատեն իր մահէն առաջ ձգած է ուղերձ մը, որ շուտով պիտի հրապարակուի: Սակայն տակաւին յայտնի չէ, թէ անիկա ձայների՞զ մըն է, թէ՞ տեսաերիզ մը:

Գործակալութեան աղբիւրներուն տուեալներով, Քայիտայի ղեկավարը իր ուղերձը յղած ատեն տեղեակ եղած է, որ Միացեալ Նահանգներու յատուկ ծառայութիւնները շուտով յարձակում պիտի գործեն իր նստավայրին դէմ:

«Միկնիուզ» կայքէջը կը յայտնէ, որ Սպիտակ տան աշխատակազմը հրապարակած է լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի աշխատակազմը ուղիղ եթերով կը հետեւի Պըն Լատենի դէմ գործողութեան: Լուսանկարներուն մէջ նախագահ Օպաման, արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընը եւ աշխատակազմի մնացեալ անդամները լարուած վիճակի մէջ կը հետեւին գործողութեան:

Միացեալ Նահանգներու ահաբեկչութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պրենըն յայտնած է, որ «ատիկա, հաւանաբար այստեղ հաւաքուած մարդոց կեանքին մէջ ամէնէն լարուած ժամանակահատուածն էր: Վայրկեանները օրեր կը թուէին»:

 

Share this Article
CATEGORIES