Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» Ցուցասրահ. Հաւաքական Ցուցահանդէսի Բացում

Երէկ` հինգշաբթի, 20 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ 2012 տարեշրջանի 18-րդ  ցուցահանդէսին` հովանաւորութեամբ նախկին նախարար Ալեն Թապուրեանի: Հաւաքական այս ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն լիբանանահայ արուեստագէտներ Ժիրայր Փանոսեան, Տորին Խանամիրեան-Զէյն, Սեւակ Արմէնեան եւ Րաֆֆի Անտոնեան:

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ալեն Թապուրեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով արուեստագէտներ եւ արուեստասէրներ: Ցուցասրահի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան անդրադարձաւ այս տարեշրջանի գործունէութեան` հաստատելով, որ ցուցասրահը այս տարեշրջանին իր դռները լայն բացաւ  լիբանանցի հայ եւ արաբ արուեստագէտներուն դիմաց: Այս տարեշրջանին ցուցասրահը հիւրընկալեց նաեւ հայրենի արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպեց լիբանանահայ- ֆրանսահայ վաստակաշատ արուեստագէտ Շարթի յիշատակին նուիրուած ցուցահանդէս մը: Ցուցասրահը յուլիսին իր մասնակցութիւնը բերաւ «Պիել»-ի մէջ կազմակերպուած «Պէյրութ Արթ Ֆեր» միջազգային ցուցահանդէսին, իսկ սեպտեմբերին Պէյրութի կեդրոնական շուկաներու շրջանի «Վիլա Չէյն»-ի մէջ կազմակերպեց «Լիբանան» խորագիրով ցուցահանդէս մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին  Լիբանանէն, Հայաստանէն եւ Եւրոպայէն 36 հայ եւ արաբ  արուեստագէտներ:

Այս առիթով Հաւաթեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ցուցասրահի վարչութեան անդամներուն, որոնք անցնող տարեշրջանին սատարեցին ցուցասրահի աշխատանքներու ծրագրաւորման, ինչպէս նաեւ այն մեծ թիւով հայ եւ արաբ արուեստագէտներուն, որոնք շարունակեցին իրենց գործակցութիւնը ցուցասրահին հետ: Վերջաւորութեան Հաւաթեան իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց նաեւ լիբանանցի հայ եւ արաբ արուեստասէրներուն, որոնք իրենց մնայուն ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով հիմնական մղիչ ուժը հանդիսացան ցուցասրահի գործունէութեան:

Ապա ցուցասրահի տնօրէնը ներկայացուց հաւաքական ցուցահանդէսի մասնակից արուեստագէտները` անոնց մաղթելով բեղուն գործունէութիւն եւ ստեղծագործական աշխարհին մէջ մնայուն վերելք: Յայտնենք, որ հաւաքական այս ցուցահանդէսին  կը ցուցադրուին 28 գեղանկարներ եւ  5 քանդակներ: Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 10 յունուար 2013, ամէն օր առաւօտեան ժամը 9:30-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:30, ի բացառեալ կիրակի օրերէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )