ՈՋԼՈՏՈՒԹԻՒՆ

Ոջլոտութիւնը վարակիչ  եւ համատարած հիւանդութիւն մըն է, որ կը պատահի ամէն տարիքի. անոր վարակումը կը պատահի անթեւ եւ արիւն ծծող միջատի մը միջոցով, որ կը կոչուի ոջիլ: Կան ոջիլի երեք տեսակներ, որոնք կ՛ապրին մարմնի երեք տարբեր մասերուն մէջ` գլուխ, ընդհանուր մարմին եւ սեռային արտաքին օրկաններու շրջապատ կամ ցայլք: Գլխու եւ ցայլքի ոջիլը կ՛ապրի վարակուած անհատին վրայ, իսկ ընդհանուր մարմնի ոջիլը կ՛ապրի վարակուած անհատին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ:

ԳԼԽՈՒ ՈՋԼՈՏՈՒԹԻՒՆ

Այս վարակը կը պատահի ընդհանրապէս դպրոցական տարիքի մէջ գտնուող տղոց եւ աղջիկներու մօտ, առաւելաբար` աղջիկներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի եւ որեւէ տեղ: Անիկա հազուադէպ է սեւամորթներու մօտ: Գլխու ոջիլը կը փոխանցուի անձէ անձ, մազերու անմիջական շփումով: Յստակ փաստեր չկան առողջ անձի մը վարակումին, եթէ ան գործածէ վարակուած անձին սանտրը, մազի վրձինը եւ կամ գլխարկը, սակայն յանձնարարելի է հակառակը: Անհատի մը չքաւորութիւնը, վատ առողջապահական կացութիւնը, ուսումը եւ զարգացումը ոչ մէկ դեր կը խաղան գլխու ոջիլի վարակումին հետ. ոջլոտութիւնը աղտոտութեան հետեւանքը չէ: Ոջիլները կը տեղաւորուին եւ կը կառչին գլխու մազերուն, յօնքի, թարթիչներու եւ մօրուքի վրայ. անոնք կը բազմանան շատ արագ եւ կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները մազերուն վրայ: Իւրաքանչիւր ոջիլ կ՛արտադրէ 3-5 անիծներ, որոնք աւելի նշմարելի կ՛ըլլան, ի տարբերութիւն    ոջիլներուն:

Գլխու ոջլոտութեան միակ ախտանշանը հետեւեալն է` գլխու, մօրուքի, յօնքերու եւ թարթիչներու սուր քերուըտուք: Անոր ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ տեսնելով ապրող ոջիլները եւ անոնց մոխրագոյն եւ կամ բաց սրճագոյն անիծները, որոնք առաւելաբար եւ շատ դիւրութեամբ կը տեսնուին ծոծրակին վրայ եւ ականջներուն ետեւը: Յաճախ վարակուած երեխային անկողինին, բարձին եւ սաւանին վրայ նշմարելի կ՛ըլլան ոջիլները եւ անոնց անիծները:

Այս ախտին դարմանումը շատ պարզ է: Կան յատուկ ոջիլասպան օծանելիքներ եւ շամփուներ, որոնք կը հարուածեն ոջիլները եւ վերջնականապէս կ՛ոչնչացնեն ոչ միայն ոջիլները, այլ նաեւ` անոնց անիծները:

Այս դեղերով նախ պէտք է շփել մազերը քանի մը վայրկեան, ապա ձգել մազերը ծածկուած ոջլասպան դեղով, մօտաւորապէս 10 վայրկեան եւ ապա առատ ջուրով լուալ ամբողջ գլուխը: Յանձնարարելի է, որ ընտանիքի բոլոր անդամներն ալ լուան իրենց գլուխները նմանօրինակ շամփուներով: Չմոռնալ նաեւ լուալ ենթակային անկողինին սաւանը եւ բարձի երեսը` 60-70 սանթիկրատ ջերմաստիճան ջուրով:

Դպրոցներու վերամուտին գլխու ոջլոտութիւնը յաճախակի երեւոյթ է եւ երբեմն` ահազանգային: Աշակերտի մը ոջլոտութիւնը կրնայ փոխանցուիլ անոր ընկերներուն շատ դիւրաւ, պարզապէս խաղի ընթացքին իրարու դպնալով եւ մազերու շփումով: Ծնողներ պէտք չէ անհանգիստ ըլլան եւ պէտք չէ մտահոգուին, երբ տնօրէնութիւնը զիրենք տեղեակ պահէ դպրոցին մէջ յայտնաբերուած գլխու ոջլոտութեան պատահարէն, այլ անոնք շնորհակալ ըլլալու են տնօրէնութեան գիտակից եւ արթուն  հսկողութենէն:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ՈՋԼՈՏՈՒԹԻՒՆ

Այս ոջլոտութեան պարագային ոջիլները կ՛ապրին վարակուողին հագուստներուն եւ անկողինին վրայ եւ ոչ թէ անոր մարմնին վրայ: Վարակումը կը պատահի ընդհանրապէս երիտասարդներու եւ տարեցներու մօտ, որոնք կ՛ապրին առաւելաբար տնտեսապէս աղքատ խմբաւորումներու եւ խճողուած հաւաքավայրերու մէջ, օրինակ` անտուն եւ անտէր մարդոց մօտ, բանակային-զինուորական խումբերու մէջ, բանտարկեալներու մօտ, սկաուտական բանակավայրերու մէջ եւ ընկերային ու ժողովրդային մեծ հաւաքավայրերու մէջ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի գործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ կամ անոր անկողինը: Ոջիլները կ՛ապրին ընդհանրապէս ուսերու, յետոյքի եւ փորի  մազերու ցօղուններուն վրայ, ուր կը ձգեն իրենց մոխրագոյն անիծները: Այս ոջլոտութեան ախտանշանները հետեւեալներն են` մարմնական տեղայնական քերուըտուք, մորթի կարմրագոյն խայթուածքի նշաններ եւ երկրորդական բորբոքումներու հետքեր: Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ շատ պարզ է` ոջիլներուն եւ անոնց անիծներու ներկայութիւնը մարմնի զանազան բաժիններու մազերուն վրայ. իսկ դարմանումը կ՛ըլլայ գործածելով ոջլասպան օծանելիքներ եւ շամփուներ: Մարմնական ոջլոտութիւնը կանխարգիլելի է` չգործածելով վարակուած անձի մը հագուստները եւ անոր անկողինը:

ՑԱՅԼՔԻ ՈՋԼՈՏՈՒԹԻՒՆ

Ցայլքի ոջլոտութիւնը առաւելաբար կը տեսնուի երկու սեռերու երիտասարդներու եւ պատանիներու մօտ: Առողջ անհատ մը կը վարակուի այս ոջլոտութեամբ, երբ ան սեռային անմիջական յարաբերութիւն ունենայ վարակուած անձի մը հետ եւ կամ գործածէ անոր անկողինը, հագուստները եւ անձեռոցները: Ոջիլները, որ յաճախ կը կոչուին ցայլոջիլ, կ՛ապրին ցայլքի մազերու ցօղուններուն վրայ եւ հոն կը ձգեն իրենց անիծները: Անոնք կրնան տեսնուիլ մարմնի այլ տեղեր ալ: Այս ոջլոտութեան ախտանշաններն են` քերուըտուք, մորթային սկրթումներ եւ փշտիկներ` հոս ու հոն եւ տեղայնական աւշագեղձերու յայտնաբերում: Անոր ախտաճանաչումը դարձեալ պարզ է` տեսնելով ոջիլները եւ անոնց անիծները մազերու ցօղուններուն վրայ, ինչպէս նաեւ` մորթին եւ հագուստներուն վրայ. իսկ անոր դարմանումը կ՛ըլլայ գործածելով ոջլասպան օծանելիքներ: Հոս կարեւորութեամբ կ՛ուզեմ յիշեցնել, որ վարակուած անձի մը սեռային ընկերակիցը անպայման նոյնանման դարմանումի պէտք է ենթարկուի: Այս ոջլոտութիւնն ալ կանխարգիլելի է` չունենալով սեռային յարաբերութիւն վարակուած անձի մը հետ եւ չգործածելով անոր անկողինը եւ հագուստները:

Պատրաստեց ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 5 մարտ, 2011

Share this Article
CATEGORIES