Category: Միջազգային
Ըստ ՄԱԿ-ի Մէկ Զեկուցումին. Թուրքիա Սուրիոյ Մէջ Քայիտայի Առնչակից Խմբաւորումներու Զէնքի Մատակարարման Գլխաւոր Ճամբան Է
«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ ըստ ՄԱԿ-ի մէկ զեկուցումին, Թուրքիոյ տարածքը Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ եւ Ժապհաթ Նուսրա խմբաւորումները զէնքերով մատակարարելու գլխաւոր ճամբան է: ՄԱԿ-ի Քայիտայի դէմ պատժամիջոցներու յանձնախումբին պատրաստած ... Շարն.
Ուաշինկթըն Մտահոգուած Է Ազրպէյճանի Իշխանութիւններուն Կողմէ «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Գրասենեակին Փակումով
ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեֆ Ռաթքէ` մեկնաբանելով Ազրպէյճանի մէջ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի գրասենեակին փակումը, յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեն պահպանելու ... Շարն.
«Իրան Կրնայ Շրջանային Ուժի Վերածուիլ, Եթէ Իր Հիւլէական Թղթածրարին Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնէ» Ըսաւ Օպամա
Պարաք Օպամա Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ «Իրան կրնայ շրջանային յաջող ուժի մը վերածուիլ, եթէ հաւանութիւն տայ իր հիւլէական թղթածրարին շուրջ արեւմտեան պետութեանց նախապայմաններուն»: Օպամա Սպիտակ տան մէջ ... Շարն.
«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիան Եւ Վենեզուելան Ոչնչացնելու Համար Քարիւղային Պատերազմ Կը Մղեն» Կ՛ըսէ Մատուրօ
Նիքոլաս Մատուրօ «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ քարիւղի գիները նուազեցնելու ճամբով պատերազմ կը մղէ Վենեզուելայի եւ Ռուսիոյ դէմ: «Տեղի կ՛ունենայ ծրագրուած պատերազմ ... Շարն.
Մահափորձի Ենթարկելէ 33 Տարի Ետք. Աղճա Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի Շիրիմին Վրայ Վարդեր Կը Դնէ
Մեհմեթ Ալի Աղճա Թուրք ծայրայեղական Մեհմեթ Ալի Աղճա, որ 1981-ին փորձած էր Յովհաննէս Պօղոս Բ. պապը ահաբեկել, Վատիկանի մէջ պապի շիրիմին վրայ զետեղեց վարդեր: 31 տարի առաջ նոյն օրը պապը ... Շարն.
Տաճիկիստանն Ու Ուզպեքիստանը 2015-Ին Արդէն Կրնան Մաս Կազմել Եւրասիական Տնտեսական Միութեան
Ալմազպեք Աթամպայեւ Gazeta.ru կայքը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ ծերակոյտի միջազգային հարցերով յանձնախումբի անդամ Իկոր Մորոզով յայտնած է, որ Տաճիկիստանը 2015-ին արդէն կրնայ մաս կազմել Եւրասիական տնտեսական միութեան: «Տաճիկիստանը մեր աշխուժ ... Շարն.
«Թուրքիոյ Դրօշը Ամբողջ Աշխարհի Տարածքին Վերածուած Է Ճնշուած Ժողովուրդներու Պաշտպանութեան Խորհրդանիշի» Ըսաւ Տաւութօղլու
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Խալետ Մաշաալի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Թուրքիա իր ջանքը կը թափէ Պաղեստինի մէջ ազգային միասնականութեան կառավարութեան գոյատեւման համար եւ պիտի ... Շարն.
Հարցաքննուած Է «Ազատութիւն» Ձայնասփիւռի Կայանի Պաքուի Գրասենեակի 20 Աշխատակից
Ազրպէյճանական «Kontakt.az» կայքը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի ծանր յանցագործութիւններու քննչական վարչութիւնը կիրակի օր հարցաքննած է «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի Պաքուի գրասենեակի շուրջ քսան աշխատակից: Անոնք բոլորն ալ ազատ արձակուած են միայն ... Շարն.
Ինտոնեզիայէն Դէպի Սինկափուր Թռիչք Կատարող Օդանաւի Մը Հետքը Կորսուեցաւ
162 ճամբորդներ փոխադրող «ԷրԷյժա Ինտոնեզիա» օդանաւային ընկերութեան պատկանող եւ Ինտոնեզիայէն դէպի Սինկափուր թռիչք կատարող օդանաւի մը հետքը կորսուեցաւ: Թռիչքներու երթեւեկին հետեւողները ժամը 06:24¬ին կորսնցուցին անոր հետ կապը, երբ ան կը ... Շարն.
«Եգիպտոսի Մէջ Օրէնքի Երկրի Կանոններու Գործադրումը Պիտի Փոխէ Անոր Հետ Մեր Յարաբերութիւնները» Ըսաւ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ ինք կը մաղթէ, որ Եգիպտոսի մէջ օրէնքի երկրի յարիր կանոնները գործադրուին եւ ժողովուրդին կամքը իսկական կերպով արտացոլող քաղաքական հոլովոյթ մը որդեգրուի: Ան ... Շարն.
Հրդեհ Յունաստանի Մօտ Ճամբորդատար Նաւու Մը Վրայ
Նաւեր եւ ուղղաթիռներ կը մասնակցին փրկարար աշխատանքներուն 478 ճամբորդներ փոխադրող իտալական նաւու մը, որուն վրայ հրդեհ ծագած էր, երբ Քորֆուէն 40 մղոն հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէր: «Նորմըն Աթլանթիք» նաւը կը ... Շարն.
«Յարաբերութեանց Բարելաւումին Համար` Թուրքիան Պէտք Է Եգիպտոսի Մէջ Մարդկային Իրաւանց Բարելաւում Տեսնէ» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու
Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թէ.Ռէ.Թէ.Հապեր» պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ 25 դեկտեմբերին ուղղակի սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Անգարա ... Շարն.
Լայնածաւալ Կրճատումներ` «Սթաթոյլ Ազրպէյճան» Ընկերութեան Մէջ
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ համաշխարհային շուկային մէջ քարիւղի գինի անկումին պատճառով Ազրպէյճանի քարիւղի արդիւնաբերութեան մարզին մէջ զանգուածային կրճատումներ սկսած են: Նոր տարիէն սկսեալ Ազրպէյճանի մէջ ... Շարն.
Պաքուի Մէջ Այրած Է Նոր Տարուան Տօնածառը
«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «virtual.az» կայքը, կը հաղորդէ, որ Պաքուի Պիլաճարի շրջանի հանրապարտէզին մէջ տեղադրուած Ամանորի հսկայ տօնածառը այրած է: Տօնածառի այրելուն պատճառը յայտնի չէ: Ականատեսները չեն բացառեր հրկիզման վարկածը: Ազրպէյճանցի լրագրող ... Շարն.
Օպամա Յառաջիկայ Շաբաթ Աֆղանիստանի Մէջ Զինուորական Գործողութեան Աւարտը Պիտի Յայտարարէ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ Աֆղանիստանի մէջ իր երկրին ղեկավարած զինուորական գործողութեան աւարտը պիտի յայտարարէ: Օպամա Հաուայի մէջ, ուր Ս. Ծննդեան արձակուրդը կ՛անցընէ, ամերիկացի զինուորներու առջեւ ... Շարն.
Իրան Մեծ Ռազմափորձեր Կը Կատարէ
Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ իրանեան իշխանութիւնները յայտարարած են, որ երկրին մէջ սկսած են մեծ ռազմափորձեր` «Մուհամետ` Աստուծոյ առաքեալ» անուանումով: Պաշտօնական յայտարարութեան մէջ ըսուած է, որ ռազմափորձերուն ... Շարն.
ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալներ Քիւրտերէն Փախուստ Կու Տան Դէպի Թուրքիա. Արաբ Բունարի Մէջ ՏԱՀԵՇ-ի Զինուորական Գործողութեանց Ղեկավարը Սպաննուեցաւ
Աղբիւր մը «Մայատին»-ին յայտնած է, որ Արաբ Բունարի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի զինուորական գործողութեանց ղեկավար, սէուտցի Ապու Մասհապ Ռամալի քաղաքին մշակութային կեդրոնին մօտ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներուն հետ բախումներուն ընթացքին սպաննուած ... Շարն.
Եւրոպական Միութեան Նախագահը Էրտողանին Կոչ Ուղղած Է Յարգելու Արդարադատութիւնը
Տոլանտ Թուսք «Արմէնփրես»` վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան նախագահ Տոնալտ Թուսք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին կոչ ուղղած է արդար դատավարութիւն ապահովելու անցեալ շաբաթ ձերբակալուած մամլոյ ներկայացուցիչներուն ... Շարն.
«Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Կ՛արձանագրեն Վերջին 500 Տարուան Լաւագոյն Շրջանը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու
Ահմեթ Տաւութօղլու «Ria.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է օգտագործէ իր աշխարհագրական դիրքը` ուժանիւթի տարանցումէն առաւելագոյնս օգտուելու համար: Տաւութօղլու Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփիէի ... Շարն.
Ռուսիա. «Սուրիոյ Ընդդիմութեան Եւ Կառավարութեան Հանդիպումը` Յառաջիկայ Ամսուան Վերջաւորութեան»
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն աղբիւր մը յայտարարած է, որ սուրիական կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը պիտի կատարուի յառաջիկայ ամսուան վերջաւորութեան` Մոսկուայի մէջ: Աղբիւրը աւելցուցած է, որ չորս օր ... Շարն.