Մոսկուա Եւ Իպրահիմի Կը Յայտարարեն. «Սուրիոյ Տագնապի Լուծման Ռուս-Ամերիկեան Ծրագիր Մը Գոյութիւն Չունի»

Լախտար Իպրահիմի

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ տագնապի լուծման միացեալ ծրագիր մը չունին:

Պատասխանելով ռուս-ամերիկեան լուծման ծրագիրին վերաբերեալ սուրիական կողմի արձագանգը մեկնաբանելու մասին լրագրողներու խնդրանքին` Լուքաշեւիչ ըսաւ, որ «այդպիսի ծրագիր չկայ եւ չէ ալ եղած»: Ան աւելցուց, որ այդպիսի ծրագիր ոչ ալ քննարկուած է:

Ըստ Լուքաշեւիչի, սուրիական կողմին հետ կը քննարկուին այս հարցին վերաբերեալ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի Դամասկոսի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին իր կարգին յայտարարեց, որ «Սուրիոյ տագնապի լուծման ռուս-ամերիկեան ծրագիր գոյութիւն չունի»` աւելցնելով, որ «Ժընեւի հաղորդագրութիւնը քանի մը ամսուան ընթացքին սուրիական տագնապին վերջ տալու համար բաւարար կէտեր ունի, եւ այդ կէտերը բոլոր ժամանակներուն եւ տեղերուն համար ի զօրու են, հակառակ անոր որ կարիք կայ անոնց վրայ կարգ մը բարեփոխումներ կատարելու… սակայն ատոր վրայ նոր կէտեր աւելցնելու կարիք չկայ»: «Սուրիոյ տագնապին շուրջ ռուս-ամերիկեան որեւէ ծրագիր շրջանառութեան մէջ դնելու չեկայ, երրորդ անգամ ըլլալով Դամասկոս եկայ սուրիացի պաշտօնատարներուն հետ տագնապէն դուրս գալու կարելիութիւններուն մասին խօսելու համար», ընդգծեց ան:

Ան յայտնեց, որ «ոչ ոք ծայրայեղական խմբաւորումներուն կը զօրակցի, եւ դէպի սուրիական հողամասեր զէնքի հոսքը պէտք է դադրի»` նշելով, որ «գոյութիւն ունին կազմակերպութիւններ եւ կարգ մը օտարներ, որոնք այս կամ այն ձեւով կը մասնակցին սուրիական հողերուն վրայ տեղի ունեցող բախումներուն»:

Իպրահիմի աւելցուց, որ «Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծուի սուրիացիներուն կողմէ` արտաքին աշխարհի մեծ աջակցութեամբ, եւ կը կարծեմ, որ արտաքին աշխարհը պատրաստ է աջակցութիւն տրամադրելու»: Ան յոյս յայտնեց, որ աշխատանք տանելու կարելիութիւններ ունեցող բոլոր մարդիկը մասնակից դառնան Սուրիոյ տագնապին լուծումի մը գոյացման:

«Բռնարարքը անպայման պէտք է դադրի, ատոր համար ալ պէտք է կատարուի ուժեղ հսկողութիւն, զոր խաղաղապահութեան առաքելութիւն մը կրնայ ապահովել: Այս առաջարկը սխալ հասկցուեցաւ, եւ ոմանք կարծեցին, որ ասիկա Սուրիոյ մէջ օտար ուժերու տեղակայման առաջարկ է, սակայն իսկութեան մէջ այդ ուժերը օտար չեն, այլ միայն կողմերուն համամտութեամբ կու գան, իսկ եթէ հասած ենք հանգրուանի մը, ուր խաղաղապահութեան մասին կը խօսինք, ապա գոյութիւն ունի համաձայնութիւն մը եւ կողմերը համաձայն են, որ այդ ուժերուն կարիքը կայ: Ատիկա կարիքը ունի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որոշումի մը, որուն մէկ կողմէ Ռուսիան եւ Չինաստանը համաձայն ըլլան, իսկ միւս կողմէ` Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան ու Բրիտանիան, ուստի ամբողջական երաշխիքներ ապահովուած կ՛ըլլան, թէ բռնագրաւում չէ, իսկ կողմերը պէտք է այդ գործողութեան մաս կազմելիք երկիրներուն մասնակցութեան համամիտ ըլլան»:

Իպրահիմի զգուշացուց, որ «Սուրիոյ կացութիւնը մեծ վտանգ կը ներկայացնէ ոչ միայն սուրիացի ժողովուրդին, այլ նաեւ դրացի եւ աշխարհի երկիրներուն»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով բանակցութիւններու ձախողութեան պարագային Սուրիոյ մէջ արիւնալի քաոսէ մը զգուշացուց:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լանիօ, պատասխանելով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը մինչեւ 2014 իր պաշտօնին վրայ պահող ծրագիրի մը մասին հարցումի մը, ըսաւ, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «չի կրնար քաղաքական փոխանցման հոլովոյթին մաս կազմել»` նշելով, որ իր երկիրը կը մաղթէ, որ Իպրահիմի Դամասկոս իր այցելութեան ընթացքին «յարմար պատգամները Ասատին փոխանցած ըլլայ»:

Իպրահիմի Դամասկոսէն Լիբանան փոխադրուեցաւ եւ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբով մեկնեցաւ Մոսկուա, ուր կը գտնուի սուրիական կառավարական պատուիրակութիւնը, որուն ղեկավար արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ հանդիպում ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ եւ բանակցեցաւ անոր տեղակալներ Միխայիլ Պոկտանովի եւ Կենատի Կաթիլովի հետ:

Միւս կողմէ, Իսրայէլի առաջին փոխվարչապետ Մոշէ Եաալոն յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ, այդ երկրին մէջ քաղաքայիններու դէմ քիմիական զէնքերու օգտագործման կամ զանոնք անպատասխանատու ձեռքերու փոխանցման առնչութեամբ մտավախութիւններէ մեկնելով` Սուրիոյ մէջ հաւանական միջամտութեան մը կը պատրաստուին»:

Եաալոն ըսաւ, որ «Միացեալ Նահանգներ միջազգային արշաւ մը կը ղեկավարեն», իսկ Իսրայէլի առնչակից կողմերը իրենց կարգին Սուրիոյ իրադարձութեանց կը հետեւին: Ան բացառեց, որ Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող քիմիական զէնքերը Իսրայէլի դէմ ուղղուին:

Եաալոն նաեւ մերժեց հաստատել այն լուրը, թէ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու վերջերս Ամմանի մէջ հանդիպում ունեցած է Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ եւ անոր հետ քննարկած սուրիական զարգացումները:

Իրանեան «Ալամ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակէն ուժեր մերթ ընդ մերթ Թուրքիոյ ճամբով սուրիական հողեր մուտք կը գործեն` Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու պահեստանոցներուն վերահսկելու նպատակով: Կայանը նաեւ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ իսրայէլեան կենսաբանութեան հիմնարկէն իսրայէլացի մասնագէտներու եւ սուրիացի անջատուած շարք մը սպաներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը զինեալ խմբաւորումներու հրամանատարներուն միջեւ ժողովներ գումարուած են:

Միւս կողմէ, թրքական «Աքշամ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Վենեզուելա հաստատած է, որ Ասատ իրեն եւ իր ընտանիքին համար ապաստան խնդրած է: Թրքական «Զաման» օրաթերթը իր կարգին հաղորդեց, որ Քարաքասի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը այս հարցով Վենեզուելայի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ պաշտօնապէս հետաքրքրուած է եւ վերջինս լուրը հաստատած է: Օրաթերթը կը յիշեցնէ, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ անցեալ ամսուան վերջաւորութեան Ասատի կողմէ Վենեզուելայի նախագահ Հիւկօ Չաւեզին ուղղուած նամակ մը յանձնած էր փոխնախագահ Նիքոլաս Մատուրօ Մորոսի:

ՕԹԱՆ-էն պատասխանատու աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Փաթրիոթ» հակաօդային երկու համակարգեր Այնթապի մէջ պիտի տեղակայեն, որպէսզի անոնք Սուրիոյ սահմանին աւելի մօտ ըլլան, քան Հոլանտայի եւ Գերմանիոյ տրամադրած «Փաթրիոթ»-ները: Աղբիւրը կը նշէ, որ այդ համակարգերուն Այնթապի մէջ տեղակայումը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Հալէպի եւ Իտլիպի օդային տարածքը հսկելու` նշելով, որ Գերմանիոյ տրամադրած երկու համակարգերը պիտի տեղակայուին Մարաշի մէջ` Սուրիոյ սահմանէն 70-90 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ըստ Հոլանտայի տրամադրած երկու համակարգերը` Ատանայի մէջ` արեւելեան Միջերկրականին, մասնաւորաբար Լաթաքիոյ եւ Թարթուսի նաւահանգիստներուն հսկելու համար:

«Ռաշա Թուտէյ» նաեւ հաղորդեց, որ ռուսական նաւատորմիղը Սուրիոյ ծովափին մօտ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ռազմափորձեր կը կատարէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )