Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԵԼԵԿՏՐԱԿԱՆ ընկերութեան սարակները վերստին պիտի սաստկացնեն իրենց բողոքի ելոյթները յառաջիկայ 9 յունուարին` սպառնալով աւելի սուր միջոցառումներու դիմել յաջորդ օրը` 10 յունուարին, խորհրդարանին առջեւ նախատեսուող բողոքի ցոյցի մը ընթացքին:
ՄԷԿ զոհ եւ մէկ վիրաւոր արձանագրուած են երէկ երեկոյեան` Զահլէի Մասա գիւղաքաղաքին մէջ պատահած միջադէպին պատճառով: Ըստ Ազգային լրատուական գործակալութեան, Պեքաայի Ալի Նահրի շրջանի մերձակայքը պատահած միջադէպը կարելի եղած է հանդարտեցնել բանակին միջամտութեամբ: Զոհը կը կոչուի Ալի Սլէյման Մուսաուի, իսկ վիրաւորը` անոր եղբայրը` Հիւսէյն:
ԵՐԷԿ Զահլէի Ուատի Արայեշի շրջանին մէջ գտնուեցաւ Թանիոս Պուսթանիի անշնչացած մարմինը: Զոհը սպաննուած էր «Մերսետես 320» տիպի ինքնաշարժին մէջ, որ կը գտնուէր Ուատի Արայեշի բարձունքին` Պհինա շրջանին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ երեկոյ միջամտեց Աքքարի Շարաուինա շրջանին մէջ կարգ մը ընտանիքներու միջեւ ծագած միջադէպին` ձերբակալելով խնդրայարոյց յանցագործները:
ՏՕՆԱԿԱՆ օրերու առիթով աւանդական խճողումը երէկ դարձեալ խուճապի մատնեց լիբանանցիները, յատկապէս մայրաքաղաք Պէյրութի ու անոր արուարձաններուն եւ գլխաւոր թաղամասերուն մէջ` Էշրեֆիէէն մինչեւ Անթիլիաս, Տորա եւ Ժունիէի մայրուղին: