Հայ Ազգային Քոնկրեսը Անիմաստ Նկատեց Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը

Հայ ազգային քոնկրեսը երէկ յայտարարեց, որ «հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը, անիմաստ կը նկատէ խեղկատակութիւն դարձած ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը եւ որեւէ առաջադրուած թեկնածուի պաշտպանումը, ինչ որ ստեղծուած պայմաններուն մէջ միայն պիտի նպաստէ ապօրինի վարչակարգի օրինականացման»:

Ընդդիմադիր դաշինքին տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ «կեղծելով 2008 թուականի նախագահական ընտրութիւնները եւ արեան մէջ խեղդելով ընտրակեղծարարութեան դէմ բողոքի ելած ժողովուրդի ընդվզումը, Սերժ Սարգսեանի վարչակարգը հինգ տարի շարունակ հետեւողականօրէն զբաղած է ժողովրդավարական, մրցակցային ընտրութիւններու որեւէ կարելիութեան ոչնչացումով»:

Քոնկրեսը կը պնդէ, որ հինգ տարուան ընթացքին կատարելագործուեցաւ ընտրակեղծարարութեան մեքենան եւ ըստ էութեան ոչնչացուեցաւ մրցակցային ընտրութիւններու մեքանիզմը, կ՛ահաբեկուին ընդդիմութեան սատարող գործարարները, 500-էն 700 հազար ձայներու կեղծումով ի սպառ բացառուած է ընտրութիւններով իշխանութիւն փոխելու որեւէ կարելիութիւն:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )