Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մոգերուն Դիմաց` Խոստովանութիւններս…

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, քեզմէ կը խնդրեմ, որ կարդաս մոգերուն պատմութիւնը, զոր առաջին աւետարանիչը` Ս. Մատթէոս կ՛աւանդէ մեզի (Մտթ. 2,1-12): Աղօթելո՛վ և մտածելո՛վ:

Կը խոստովանիմ, որ ամէն կարդալուս կամ լսելուս աստուածաշնչական այս հատուածը, կը համակուիմ մեծ հիացումով` նկատմամբ մոգերուն կորովին ու համարձակութեան, երբ Երուսաղէմ հասնելով` հարցուցին.«Ո՞ւր է հրեաներու արքան, որ ծնաւ. մենք անոր աստղը տեսանք Արեւելք եւ եկած ենք երկրպագելու անոր»:

Անվախութեան ու համարձակախօսութեան աղբիւրը կը նկատեմ մոգերուն անչափելի սէրը անձնապէս անոնց անծանօթ, բայց յայտնութենապէս անոնց աւետուած նորածին Թագաւորին հանդէպ:

Սէ՛րը, որ մոգերուն ձգել տուաւ ամէն ինչ, որ հարազատ է եւ անհատական:
Սէ՛րը, որ մոգերուն յանձն առնել տուաւ ամէն բան, որ օտար է եւ հեռու:
Սէ՛րը, որ մոգերուն ընել տուաւ ամէն ջանք, որ դժուարին է եւ վտանգաւոր:
Սէ՛րը, որ մոգերուն ներշնչեց կամքը` ընթանալու Տիրոջ ստէպ դերբուկ ճամբան:
Սէ՛րը, որ մոգերուն արգելք եղաւ իյնալու յուսախաբութեան գիրկը:
Սէ՛րը, որ մոգերուն ջամբեց գոհունակութիւնը` անոնց փնտռածը գտնելով:
Սէ՛րը, որ մոգերուն որոնել եւ գտնել տուաւ մեծատառ Ճշմարտութիւնը:

Նորէն կը խոստովանիմ, թէ մոգերուն արարքին մէջ կը զարնուիմ որոշ իմացութիւններէ եւ իրողութիւններէ, որոնց գիտակցութենէն կը տառապին արդի մարդն ու ներկայ աշխարհը…

Անո՛նք` մոգերը, «իմաստուն, փիլիսոփայ եւ հմուտ աստղագէտներ»-ները, «ի սէր եւ ի խնդիր» ա՛յս գլխագիր Ճշմարտութեան ճամբայ ելան:

Ճշմարտութեան սիրոյն համար անոնք լքեցին ամէն հանգստաւէտութիւն եւ ստանձնեցին ամէն նեղութիւն, ամէն տաժանք:

Հետեւեցան ո՛չ իրենց ենթակայական տեսութեան, այլ ուզեցին իրենց համար լոկ առարկայական ճշմարտութիւնը:

Յանձն առին անտեսել իրենց մտքին տրամաբանութիւը, բայց` անսալ իրենց սրտին տրամաբանութեան:

Անկասկած, որ թէպէտ միտքն ու սիրտը զօդուած են իրարու, բայց եւ այնպէս յաճախ սիրտն է, որ աւելի ուղիղ կը դատէ, աւելի յստակ կը տեսնէ եւ աւելի արագ կը գործէ:

Ճշմարտութիւնն ու սէրը խորապէս կապուած են իրարու: Սէրը կը բանայ ճանաչումը, ինչպէս որ աւելի խոր իմացութիւնը կ՛առաջնորդէ աւելի մեծ սիրոյն:

Ճշմարտութեան սէրը կամ սիրոյ ճշմարտութիւնը պարգեւն է Աստուծոյ Ս.Հոգիին, որ, ինչպէս մոգերուն, նոյնպէս մեզի կը բանայ առկայութիւնը Տիրոջ: Այսօր, երկու հազար տարիներէ ի վեր, մսուրին մէջ Աստուած իբրեւ նորածին մանուկ կը ներկայանայ աշխարհին:

Դարձեալ կը խոստովանիմ, որ երբ կը կարդամ մոգերուն պատմութիւնը, կը յանգիմ եզրակացութիւններու, որոնցմէ յաջորդները կ՛ուզէի յանձնել ուշադրութեան ու գործադրութեան: Կը խնդրեմ, որ տարօրինակ կամ անհասկնալի չթուի՜ն քեզի:

Առաջին` բաց եւ ունկնդիր ըլլանք Աստուծոյ կանչին ու նշաններուն դիմաց:
Երկրորդ` անկեղծ ու հետեւողական ըլլանք Տիրոջ հրաւէրին հանդէպ:
Երրորդ`  խոնարհութեամբ ու յարատեւութեամբ քալենք Աստուծոյ ճամբան:
Չորրորդ` Ս. Հոգիին լոյսով փնտռենք ճշմարտութիւնն արքայութեան:
Հինգերորդ` միշտ ապաւինինք աստուածային նախախնամութեան:
Վեցերորդ` միշտ վստահինք աստուածային առաջնորդութեան:
Եօթներորդ` յայտնուած Սիրոյն մասնակից դարձնենք մեր շրջապատը:
Ութերորդ` համոզումով եւ գիտութեամբ դաւանինք մեր հաւատքը:
Իններորդ` քաջաբար ու խոհեմաբար վկայենք Յիսուսի մասին:
Տասներորդ` մեր գոյամարտին փարոսն ընտրենք Մարիամ Տիրամայրը:

Վերջապէս կը խոստովանիմ, թէ Բեթղեհէմի մէջ մոգերուն վերջին արարքը կ՛ողողէ իմ

ներաշխարհս ցնծութեամբ եւ առաջադրանքով:

Բերկրանքիս պատճառն է այս նախադասութիւնը.«Տունը մտնելով` մոգերը տեսան Մանուկը եւ անոր Մայրը` Մարիամը: Իսկոյն ծունկի եկան եւ խոնարհեցան Անոր առջեւ»: Յիսուսի հետ Կուսամօր ներկայութիւնը միշտ թէ՛ կը հրճուեցնէ եւ թէ՛ կ՛առաջնորդէ Որդին:

Առաջադրութեանս առիթը կու տան մոգերը, որոնք` «բացին իրենց գանձերը եւ իբրեւ նուէր ընծայեցին ոսկի, խունկ ու զմուռս»: Ոսկին Հաւատքն է, որով կը հռչակեմ Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Կնդրուկը Յոյսն է, որով կը դաւանիմ Քրիստոսի Թագաւորութիւնը: Զմուռսը Սէրն է, որով կը քարոզեմ Քրիստոսի Փրկչականութիւնը:

Երեք մոգերը` Պաղտասար, Գասպար ու Մելքոն, նաեւ այսօր, իրենց երեք կարեւորագոյն արարքներով կը թելադրեն արդի մարդուն երեք ներգործութիւնները: Աստուծոյ ընծայէ իր ոսկին, որ ի՛ր սէրն է: Թագաւորին մատուցէ կնդրուկը, որ ի՛ր աղօթքն է: Փրկչին նուիրէ զմուռսը, որ ի՛ր զոհաբերութիւնն է:

Այնճար, 7 Յունուար 2013                            

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )