Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
Երէկ հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայաշէնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը` ներկայութեամբ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մը: Պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:
Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքին: Ան կեդրոնացաւ մանաւանդ Յովհաննէս Մկրտիչի կեանքէն կարեւոր կէտերու վրայ` նշելով, որ անհրաժեշտ է ըլլալ անոր նման ճշմարտախօս` ճշմարտութեան, այսինքն` Քրիստոսի մասին վկայելու համար: Անհրաժեշտ է նաեւ մեր առօրեայ աշխատանքներուն մէջ չթերանալ, այլ ըլլալ պարտաճանաչ: Առաջնորդ սրբազանը ընդգծեց այն միտքը, որ ամէն մարդ պէտք է իր պարտականութիւնը կատարէ եւ ոչ թէ ուրիշներուն աշխատանքներուն միջամտէ:
Ս. պատարագի աւարտին, ըստ աւանդութեան, ամէն տարուան նման առաջնորդ սրբազանը կատարեց մատաղօրհնէք:
Եկեղեցական արարողութենէն ետք Հայաշէնի «Ռոստոմ» ակումբի վերանորոգուած սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Այս առիթով նաեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: