Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ռայի Պատրիարքին Ներկայացուցիչը
Շաբաթ, 12 յունուար 2013-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց մարոնի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Ռայի պատրիարքին փոխանորդը` Փոլ Սայյահ արքեպիսկոպոսը: Սայյահ արքեպիսկոպոսը պատրիարքին կողմէ առաքուած էր յատուկ կերպով վեհափառ հայրապետին փոխանցելու օր մը առաջ պատրիարքին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած մարոնի քաղաքական ղեկավարներու խորհրդակցութեանց արդիւնքը` Լիբանանը եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքը յուզող հարցերուն եւ յատկապէս ընտրական օրէնքին շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը իր կարգին ողջունելով հանրապետութեան նախագահին եւ պատրիարքին աշխատանքները յիշեալ հարցերուն գծով շեշտեց, որ անհրաժեշտ է մշակել այնպիսի ընտրական օրէնք, որով յարգուին համայնքներու իրաւունքները եւ տեսակէտները, ինչպէս նաեւ համայնքներու կարեւոր դերը իրենց երեսփոխաններու ընտրութեան մէջ:
Պատրիարքական փոխանորդը յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ այս հարցերուն գծով պատրիարքը միշտ հաղորդակցութեան մէջ պիտի ըլլայ վեհափառ հայրապետին հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական քրիստոնէական մօտեցումներ որդեգրել կարեւոր հարցերու շուրջ: