Ճատրակ. Ֆրերներու Ամանորի Մրցաշարք. Նանօր Առնելեան` Առաջին, Հրակ Լախեան` Երկրորդ, Քլակ Մարտիրոսեան, Ճիօ Գալուստ Եւ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան` Երրորդ
Կազմակերպութեամբ Ֆրերներու ակումբին (Ֆըրն Շըպպեք), երէկ` կիրակի, 13 յունուարին տեղի ունեցաւ Ամանորի ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 35 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ` հետեւեալ ձեւով. 8 տարեկանէն վար` 8, 10-էն վար` 11, 12-էն վար` 6 եւ 14-16 տարեկանէն վար (միասնաբար)` 11:
Սկսելով 8 տարեկանէն վար դասակարգէն` Քլակ Մարտիրոսեան ապահովելով 5 կէտ (7-ի վրայ) հանդիսացաւ երրորդ:
10 տարեկանէն վար Հրակ Լախեան ապահովելով 4,5 կէտ գրաւեց երկրորդ դիրքը, մինչ Վարագ Կէօզիւպէօյիւքեան 4 կէտով հանդիսացաւ երրորդ:
Այս դասակարգին մէջ աղջկանց առաջին դիրքը 4 կէտով գրաւեց Նանօր Առնելեան եւ տիրացաւ առաջնութեան:
Ինչ կը վերաբերի 12 տարեկանէն վար դասակարգին, Ճիօ Գալուստ ապահովելով 3 կէտ հանդիսացաւ երրորդ:
Տեղացիներուն մօտ առաջնութեան տիրացան Մոհամետ Ժաուիշ (8 տարեկանէն վար, 7 կէտ), Ատամ Պասսամ (10 տարեկանէն վար, 5,5 կէտ), Համզա Մրատ (12 տարեկանէն վար, 5 կէտ), Ապտել Լաթիֆ Համատ (14 տարեկանէն վար, 5 կէտ) եւ Մոհամետ Համատ (16 տարեկանէն վար, 5 կէտ):
Մրցաշարքի կազմակերպիչ Էլի Խէյրալլա նախքան մրցանակաբաշխութիւնը ներկաները տեղեակ պահեց, որ կիրակի, 10 փետրուարին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի տարիքային մրցաշարք մը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի:
Նշենք, որ երէկուան իրաւարարներուն կարգին էր Էլի Հուլիշեան: