Թուրքիա «Էֆ-35 Լայթնինկ» 5-րդ Սերունդի Կործանիչներու Գնումը Կը Յետաձգէ
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով Թուրքիոյ զինուորական արդիւնաբերութեան քարտուղարութեան, կը հաղորդէ, որ Թուրքիա որոշած է յետաձգել Միացեալ Նահանգներէն առաջին «Էֆ-35 Լայթնինկ 2» 5-րդ սերունդի երկու կործանիչներու գնումը` օդանաւի աճող գինին պատճառով:
Թուրքիա երկու կործանիչներուն գնման պատուէրը Թուրքիոյ տուած էր 5 յունուար 2012-ին:
Ընդհանուր առմամբ Թուրքիոյ զինուորական արդիւնաբերութեան քարտուղարութեան մեկնաբանութեան համաձայն, Թուրքիա մտադիր է զինուիլ հարիւր հատ 5-րդ սերունդի կործանիչներով: «Էֆ-35 Էյ»-ով պէտք է փոխարինուին «Էֆ-4 Ֆանթըմ» եւ «Էֆ-16 Ֆայթինկ Ֆալքըն» հինցած կործանիչները:
«Ֆլայթկլոպըլ ՄիլիՔԱՍ»-ի տեղեկութիւններով, թրքական օդուժի սպառազինութեան մէջ գոյութիւն ունին «Էֆ/Առ.Էֆ-4Ի» կործանիչներ եւ «179 Էֆ-16Սի» օդանաւեր: Պատուիրուած են նաեւ տասը «Էֆ-16» կործանիչներ»:
«Էֆ-35 Փոյնթ Սթրայք Ֆայթըր» ծրագիրի ծիրին մէջ «Լոքհիտ Մարթին» ընկերութիւնը մտադիր է արտադրել աւելի քան 3100 միաւոր «Էֆ-35Էյ», «Էֆ-35Պի» եւ «Էֆ-35Սի» կործանիչներու բարեփոխուած տարբերակներ:
Ծրագիրի հիմնական մասնակիցներուն շարքին են Միացեալ Նահանգները, Թուրքիան, Բրիտանիան, Աւստրալիան, Իտալիան եւ Հոլանտան: