Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Ակադեմիայի Քառահատոր Եւ «Տօնիկեան»-ի Երկհատոր Բառարանները Ձրիաբար Հասանելի Եւ Որոնելի` Համացանցին Վրայ
«Նայիրի» կայքը (www.nayiri.com) այսօր հրապարակեց Հայաստանի գիտութիւնների ազգային ակադեմիայի հրատարակած «Ժամանակակից հայոց լեզուի բացատրական բառարան»-ի եւ «Տօնիկեան» հրատարակչատան «Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ի թուայնացուած տարբերակները: Բառարանները ներկայացուած են ամբողջութեամբ եւ որոնելի են ըստ գլխաբառերու:
Ակադեմիայի քառահատոր բառարանը հրատարակուած է Երեւանի մէջ 1969-1980 տարիներուն եւ կը բովանդակէ մօտաւորապէս 125,000 բառայօդուած: Գրուած է արեւելահայերէնով, աբեղեանական ուղղագրութեամբ:
«Հայոց լեզուի նոր բառարան»-ը հեղինակած են Գնէլ արք. Ճէրէճեանը, Փարամազ Կ. Տօնիկեանը եւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանը: Երկհատոր այս արեւմտահայերէն բառարանը լոյս տեսած է 1992-ին Պէյրութի մէջ եւ կ՛ընդգրկէ մօտաւորապէս 56,000 բառայօդուած:
Ծրագիրը իրականացած է Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան (www.hamazkayin.com) նիւթական աջակցութեամբ:
Կայքին մէջ նաեւ զետեղուած են Ստեփան Մալխասեանցի «Հայերէն բացատրական բառարան»-ի, Հրաչեայ Աճառեանի «Հայերէն արմատական բառարան»-ի, Էդուարդ Աղայեանի «Արդի հայերէնի բացատրական բառարան»-ի եւ Աշոտ Սուքիասեանի «Հայոց լեզուի հոմանիշների բառարան»-ի թուայնացուած տարբերակները:
2005 թուականէն ի վեր «Նայիրի» կայքը հայերէնի ելեկտրոնային գործիքներ կը տրամադրէ, ներառեալ` հայերէնի բացատրական եւ երկլեզու բառարաններ, թէ՛ արեւմտահայերէնով, թէ՛ արեւելահայերէնով: 2010 թուականին «Նայիրի» կայքի եւ HySpell-ի համագործակցութեան շնորհիւ տրամադրելի դարձաւ դասական հայերէնի ամէնէն լիակատար ուղղագրական ստուգիչը, որուն բառացանկը կ՛ընդգրկէ աւելի քան 156,000 գլխաբառ եւ 5 միլիոնէ աւելի հոլովներ: «Նայիրի» կայքը անվճար սպասարկութիւն մըն է, որ կը գործէ բարերարներու, կրթական հիմնարկներու եւ հայերէնի երկարակեցութեամբ մտահոգ անձերու նիւթական աջակցութեան շնորհիւ:
Թուայնացուած բառարանները հասանելի են հետեւեալ հասցէներով.
Տեղեկութեանց համար դիմել Սէրուժ Ուրիշեանին.
press@nayiri.com