Լիբանանցի Կիները Կը Շարունակեն Պայքարիլ Քաղաքացիութեան Իրենց Արդար Իրաւունքին Համար

Պատրաստեց՝ ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

«Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւին կազմակերպած ցոյցը

Կիներուն կողմէ իրենց զաւակներուն շնորհուելիք քաղաքացիութիւնը սահմանադրական եւ արդար իրաւունք է:

Սակայն ինչպէս միշտ, Լիբանանի մէջ ինչ որ արդար է, պէտք է երկար ճամբայ կտրէ փաստելու համար իր ադարացիութիւնը եւ ապա պետութեան կողմէ վաւերացուի իբրեւ իրաւունք:

Իրենց զաւակներուն քաղաքացիութիւն շնորհելու համար լիբանանցի կիներ,  տարբեր կազմակերպութիւններու շրջագիծին մէջ, տարիներէ ի վեր կը պայքարին, սակայն լիբանանեան պետութիւնը կը զլանայ այդ իրաւունքը տալ իգական սեռին պատկանող իր քաղաքացիներուն:

Զլանալու իր այս քայլը եւ մերժումը ան կը հիմնաւորէ այն իրականութեամբ, որ այդ իրաւունքը կիներուն շնորհելէ ետք երկրին մէջ պիտի արձանագրուին ժողովրդագրական փոփոխութիւններ, ինչ որ պիտի խանգարէ Լիբանանի հիւսուածքը եւ ընկերային ընդհանուր կառոյցը:

Այս պատճառաբանութիւնը անշուշտ անհիմն կը նկատուի կնոջական կազմակերպութիւններուն կողմէ` ըլլան անոնք պետական թէ ոչ պետական կազմակերպութիւններ:

Այդ կազմակերպութիւնները, ինչպէս Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդն ու «Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւը, կ՛ընդգծեն, թէ իրենք սերտած են լիբանանեան պետութեան կողմէ տրուած պատասխանը եւ` բացայայտած, որ անիկա անհիմն է եւ ժողովրդագրական ոչ մէկ խախտում կը պատճառէ երկրին:

Այդ կազմակերպութիւնները կը շեշտեն, որ պաշտօնական տուեալներով ի յայտ եկած է, թէ օտար ամուսնութիւններ կնքած լիբանանցի կիներուն 6 առ հարիւրը միայն պաղեստինցիներու հետ ամուսնացած է, իսկ մնացեալը` այլ քաղաքացիութիւններ ունեցող այր մարդոց:

Հետեւաբար կիներուն իրաւունքները պաշտպանող եւ այս հանգրուանին անոնց քաղաքացիական իրաւունքին տէր կանգնելու յանձնառութեամբ գործող այս կազմակերպութիւնները լիբանանեան պետութեան կը պատասխանեն անոր իսկ տրամադրած պաշտօնական թիւերով, սակայն, ինչպէս միշտ, մարտահրաւէրը կը մնայ այն, որ իրենք ընդունին եւ փափաքին ըմբռնել այդ իրողութիւնը, այլապէս անկարելի պիտի ըլլայ անոնցմէ դրական հակազդեցութիւն մը ստանալ:

Աւելի՛ն. պետութեան կողմէ տակաւին արձանագրուած է նաեւ անուղղակի առաջարկ մը, որուն համաձայն, հարկ է պաղեստինցիներու հետ ամուսնացած կիները զանց կացուցել այս իրաւունքէն: Այս առաջարկը սակայն մերժուած է կիներու իրաւունքները պաշտպանող եւ հաւասարութիւն պահանջող կազմակերպութիւններուն կողմէ` նշելով, որ անկարելի է նման խտրութիւն մը կատարել եւ առիթ տալ, որ պետութիւնը շարունակէ կիները դասել երկրորդ կարգի քաղաքացիներ:

Քաղաքացիական իրենց իրաւունքը անտեսող այս կեցուածքին ըմբոստանալու շրջագիծին մէջ «Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւին կազմակերպութեամբ տասը օր առաջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը նախագահական պալատ տանող ճամբուն վրայ: Ցոյցը արձանագրուեցաւ նոյն ժամուն, երբ կառավարութիւնը իր նիստը կը գումարէր` օրակարգի վրայ ունենալով իր զաւկին քաղաքացիութիւն շնորհելու լիբանանցի կնոջ իրաւունքին վաւերացման օրինագիծը:

«Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւի ընդհանուր համադրող Լինա Պու Հապիպ յայտնեց, որ կառավարութեան նիստէն կարելի է սպասել երեք հիմնական պատասխաններ. վաւերացնել օրինագիծը, յետաձգել անոր քննարկումը եւ մերժել զայն:

Ան շեշտեց, որ իրենք իրենց յոյսը դրած են վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի վրայ, որովհետեւ ան առաւելագոյն չափով զօրակցութիւն ցուցաբերած է այդ հարցին գծով:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի գործակատար Ֆատի Քարամ, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր ցոյցին, իր կարգին շեշտած էր, թէ լիբանանցի կիները ուղղակի յուսախաբ դուրս եկած են կիներու կողմէ իրենց քաղաքացիութիւնը իրենց զաւակներուն շնորհելու օրինագիծին բովանդակութեան եւ մանրամասնութիւններուն առումով:

Նոյն օրն իսկ եւ ստանալէ ետք կառավարութեան «Ո՛չ» պատասխանը, ցոյցին մասնակից կիներուն անունով Լինա Պու Հապիպ կարդաց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան նշեց, որ լիբանանցի պատասխանատուներուն կողմէ ցուցաբերուած մակերեսային եւ անպատասխանատու վարուելակերպը բացայայտուած է իր ամէնէն տգեղ դէմքով:

«Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւին կազմակերպած ցոյցին միացաւ վարչապետ Միքաթիի քաղաքական հարցերու խորհրդատու Խալտուն Շերիֆ, որ յայտնեց, թէ իրենք կը զօրակցին սահմանադրութեան փոփոխութեան, որպէսզի ինչպէս ամէն լիբանանցի այր մարդ, նոյնպէս ալ իւրաքանչիւր լիբանանցի կին իր քաղաքացիութիւնը կարենայ շնորհել իր զաւակներուն:

Շերիֆ յայտնեց, որ այս մէկը բարոյական, օրինական եւ իրաւական հարց է` աւելցնելով, որ վարչապետ Միքաթի այդ իրաւունքը պահանջող ղեկավարներէն է եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ յաջողեցնելու համար այդ օրինագիծին վաւերացումը:

«Քաղաքացիութիւնս իմ եւ ընտանիքիս իրաւունքն է» արշաւը կը միտի յառաջիկայ օրերուն կեդրոնանալ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ եւ կիներուն քուէները կեդրոնացնել ի նպաստ այն թեկնածուներուն, որոնք կը զօրակցին իրենց իրաւունքներուն:

Լիբանանի քաղաքացիական ընկերութիւնը հետզհետէ կ՛ըմբոստանայ եւ անոր իբրեւ պատասխան` լիբանանեան պետութիւնը կը շարունակէ իր լուռ անտարբերութիւնը, սակայն ընկերային հարցերու այս տագնապալի իրավիճակը կրնայ յանկարծ պայթիլ, որովհետեւ Լիբանանի մէջ ամէնէն աւելի հարուածուող եւ շուքի տակ մնացած իրաւունքները քաղաքացիական իրաւունքներն են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )