Ակնարկ. Համաքրիստոնէական Պատգամ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երէկ Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ Եուհաննա Ժ. պատրիարքի օծումը, որուն կը մասնակցէին Ռուսիայէն, Պուլկարիայէն, Յունաստանէն եւ Լիբանանէն պատուիրակութիւններ, Ծոցի մէջ պապական նուիրակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ համայնք ունեցող տարբեր եկեղեցիներու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` Ս. Էջմիածինի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւններէն ներկայացուցիչներ: Աւելի՛ն, ներկաներուն շարքին էր մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն Սուրիա այցելութիւնը պատմական էր, որովհետեւ ֆրանսական գաղութատիրութեան աւարտէն եւ Սուրիոյ ու Լիբանանի անկախութենէն ետք իր տեսակին մէջ առաջինն էր:

Քրիստոնէական պատուիրակութեանց Դամասկոս այցելութեան առիթը թէեւ կրօնական էր եւ Սուրիոյ մէջ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն տագնապէն անկախ, սակայն զայն կարելի չէ անջատել սուրիական թատերաբեմին վրայ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն:

Յոյն ուղղափառներու նախկին պատրիարքը Դամասկոսի մէջ տիրող ապահովական կացութեան պատճառով հեռացած էր Սուրիայէն եւ ամիսներէ ի վեր ապաստանած Լիբանան: Անոր վախճանումէն ետք տեղի ունեցաւ նոր պատրիարքի մը ընտրութիւնը, որուն օծումը եթէ տեղի ունենար Լիբանանի մէջ, պիտի նուիրականացնէր յոյն ուղղափառներու պատրիարքութեան Սուրիայէն հեռացումը, ինչ որ ներհամայնքային մակարդակի վրայ` սխալ պատգամ մը պիտի ըլլար, իսկ համաքրիստոնէական մակարդակի վրայ` վտանգաւոր նախադէպ մը:

Դամասկոսի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած իսլամ թէ քրիստոնեայ հիւրերուն ու ժողովուրդին կողքին եկեղեցւոյ շրջափակը հաւաքուած էին հաւատացեալներ: Այդ տօնախմբութիւնը տեղի կ՛ունենար, հակառակ մօտակայ թաղամասերէն լսուող բախումներու ձայներուն, որոնք որդեգրուած ապահովական խիստ միջոցառումներուն կողքին կու գային ընդգծելու նոր պատրիարքի աթոռանիստ Դամասկոսի մէջ օծումին պարունակած այն համաքրիստոնէական պատգամը, թէ քրիստոնեաներուն այդ երկրին մէջ ներկայութիւնը հնադարեան է եւ անոնք կը մերժեն Սուրիայէն հեռանալ:

Առանց համաքրիստոնէական բարձր մակարդակի այդ մասնակցութեան, Դամասկոսի մէջ անմիջականօրէն յոյն ուղղափառներուն վերաբերող կրօնական արարողութիւնը միայն այդ համայնքին ուղղուած պատգամ մը պիտի ըլլար, սակայն շնորհիւ համաքրիստոնէական մասնակցութեան, ատիկա աւելի ընդարձակ տարողութիւն մը ստացաւ եւ ներկայ դժուար հանգրուանին մէջ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն ուղղուած զօրակցական կեցուածքի վերածուեցաւ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )