Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ Պատրիարքին Հետ
Ուրբաթ, 8 փետրուարի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս, Ռապուէի մէջ հանդիպում ունեցաւ յոյն կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին հետ:
Շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան զանազան հարցեր, որոնցմէ` Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական միութիւնը ամրացնելու կարեւորութիւնը, ի մասնաւորի Ս. Զատիկը միասնաբար տօնելու խնդիրը, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին առաւել կազմակերպումը:
Հանդիպումի ընթացքին հոգեւոր պետերը նաեւ անդրադարձան Լիբանանի ընտրական նոր օրէնքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն միջեւ հանդիպում կայացնելու ծրագիրներուն մասին:
CATEGORIES Գաղութային