Թրքական Պետական Պոթաշ Ընկերութիւնը Հրաժարած Է «Կազփրոմ»-ի Ծառայութենէն

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ուժանիւթի մարզի իր աղբիւրները, կը հաղորդէ, որ թրքական պետական ՊՈԹԱՇ ընկերութիւնը մերժած է ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութեան տեղական մասնաճիւղ «Պոսֆըրըս կազ»-ի դիմումը` տարեկան 750 միլիոն խորանարդ մեթր ծաւալով ղազախական բնական կազի ներածումին վերաբերեալ:

ՊՈԹԱՇ իր մերժումը հիմնաւորած է սեփական ուժանիւթային քաղաքականութեան բարդութիւններով եւ շահերով: Մերժումէն ետք «Պոսֆըրըս Կազ», ըստ ամենայնի, պիտի չկարենայ Թուրքիոյ Ուժանիւթի շուկայի կարգաւորման խորհուրդէն Թուրքիա կազի ներմուծման արտօնագիր ստանալ:

Ռուսական «Կազփրոմ»-ին հետ թրքական ընկերութիւններուն կնքած անցեալ տարուան համաձայնութիւններէն առաջ երկրի ուժանիւթի նախարարութիւնը սեփական մարզին արտօնած էր բնական կազ ներածել: Թուրքիա 2011-ին 39.7 միլիառ խորանարդ մեթր կազ ներածած է: Թուրքիոյ կազ մատակարարող հիմնական երկիրներն են Ռուսիան, ապա Իրանն ու Ազրպէյճանը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )