Ռիչըրտ Գ.-ը Վերայուղարկաւորելու Իրաւունքին Շուրջ Բրիտանական Երեք Քաղաքներու Միջեւ Վէճ

Ռիչըրտ Գ. թագաւորին դիմանկարը

Բրիտանական երեք քաղաքներ` Լոնտոն, Լեսթըր եւ Եորք, պիտի վիճարկեն Ռիչըրտ  թագաւորի մասունքները վերայուղարկաւորելու հարցը: «Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ բրիտանացի գիտնականները հաստատած էին, որ յայտնաբերուած կմախքը Ռիչըրտ Գ. արքային կը պատկանի:

Իրավիճակը բարդացած է մեկնելով այն իրողութենէն, որ ան Փլանթակենեթներու արքայատոհմէն է եւ, ըստ Բրիտանիոյ մէջ գործող կանոններու, պէտք է մինչեւ օգոստոս 2014 թաղուի: Այդ պատճառով լրացուցիչ զբօսաշրջիկներ պիտի գան, եւ այժմ արդէն քայլեր կը ձեռնարկուին 15-րդ դարու միապետը վերաթաղելու իրաւունքին տիրանալու համար:

Եորքի բնակիչները կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն Էլիզապեթ Բ. թագուհիին պաշտօնական նամակ ուղարկել` խնդրելով արքան թաղել այնտեղ, ուր «ինք ապրած եւ խաղաղութիւն գտած է»:

Լեսթըրի իշխանութիւնները իրենց կարգին կը պնդեն, որ թագաւորին մասունքները պէտք է թաղուին այնտեղ, ուր յայտնաբերուած են: Տեղւոյն իշխանութիւնները արդէն հետաքրքրուած են Ռիչըրտ Գ.ի նուիրուած պատմամշակութային վայր հիմնելու հարցով:

Էլիզապեթ Բ. թագուհին արդէն հրաժարած է Ռիչըրտ Գ.ի մասունքները թաղել Լոնտոնի մէջ անգլիացի միապետներու աւանդական գերեզմանին մէջ` Ուինտսըրի ամրոցին մէջ, ուր թաղուած է 36-րդ արքային կինը` Աննա Նեւիլը: Պատճառը այն է, որ Ռիչըրտ Գ.ը կը նկատուէր «բռնագրաւող եւ սեփական զարմիկները սպաննող»:

Նշենք, որ Շէյքսփիր իր «Ռիչըրտ Գ.» թատերախաղով անմահացուցած է անգլիոյ այս միապետը, որ իր երկու տարուան գահակալութեան շրջանին երկու ըմբոստութիւն դիմագրաւած է: Ան Անգլիոյ պատերազմի դաշտին վրայ սպաննուած վերջին թագաւորն է: Ան սպաննուած է 1485-ին` Պոսուըրթի ճակատամարտին ընթացքին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )