Նախ Հայ, Ապա` Մարդ Անհատ

ԱՅԲ

Ի՞նչ է մարդը, ո՞վ է ան: Մարդը, ըստ քրիստոնէական հաւատքին, էակ մըն է` ստեղծուած Աստուծոյ սուրբ շունչով: Գիտական իմաստով, մարդը ապրող էակ մըն է, որ կը մտածէ, կը զգայ, կ՛ուտէ, կը խմէ եւ կը շնչէ, որպէսզի ապրի: Հոգեբանական իմաստով, մարդը ապրելու համար պէտք ունի պատճառի, այլ մարդոց գոյութեան,  վայելքի, ընկերային կեանքի…

Մարդը այսօր աշխարհի ո՛ր կողմը որ ըլլայ, ո՛ւր որ ալ ապրի, կը փորձէ աշխատիլ իր կեանքի նուազագոյն պայմանները ապահովել` ապրելու, ուտելու, խմելու, ընտանիք կազմելու եւ ապահով առաստաղ մը ունենալու համար իր գլխուն վրայ:

Ասոնց կողքին, մարդ իր ազատ ժամանակն ու ունեցած նիւթականը կը յատկացնէ վայելքի եւ ընկերային կեանքի, կեանքի դժուար պայմաններէն հեռու հաճելի վայրկեաններ ապրելու նպատակով:

Այսօր մարդ անհատը կը դժուարանայ նիւթական կեանքէն բարձրանալու վերացականին: Մարդկային վեհութեան, պատիւի եւ ազգի գաղափարները  կը վերագրուին միամտութեան եւ ապուշութեան: Աւելի՛ն. այսօրուան համաշխարհայնացման տիրական լոզունգներուն ու գաղափարական բացատրութիւններուն հետեւելով` մեր մէջ կ՛արթննան նոր ձայներ, նոր մտածումներ եւ նոր տիպարներ: Մեր եւ օտարին միջեւ տարբերութիւնները կը կորսուին, հայը կը դառնայ պարզ համաշխարհային մարդ մը, որ անտեսելով ազգային նկարագրի իւրայատկութիւնները` կը սահմանափակուի մարդկային ու համաշխարհային սկզբունքներով, յօժարակամ կ՛ենթարկուի նորածագ գաղափարներու եւ իր անձնական հաճոյքն ու շահը հաւաքական օգուտէն բարձր կը դասէ:

Այս բոլորէն կ՛օգտուի օտարը, հայու մարդուժը կը տրամադրուի համաշխարհային կազմակերպութիւններու, հայուն մտածելու ժամանակը, յեղափոխական ընդվզումը կ՛ուղղուին ու կ՛օգտագործուին օտար դատերու պաշտպանման, ինչպէս`  «Արաբական գարնան», եւ վստահաբար ո՛չ թէ մեր Դատին` Հայ դատին:

Ամէն ինչ, որ հայկական է, կը նուաստանայ, մինչ օտարը, նորն ու հրապուրիչը կը դառնան քաղաքակրթութեան բագինը:

Աւելի՛ն. կը նախընտրենք մեր առօրեան տրամադրել զուարճանալու, հանգստանալու եւ թուլանալու, իսկ միւս կողմէ` շաբաթը անգամ մը, ամիսը անգամ մը, այն քիչ պահերուն, երբ ազգային երգերով ու խօսքերով տոգորուած մեր արիւնը կ՛եռայ, երբ կը կրկնենք Վարդանանց պատերազմի, Խանասորի արշաւանքի, Լիզպոնի գործողութեան եւ արցախեան ազատապայքարի ուխտերը… այն ժամանակ է, որ կը յիշենք, թէ կը պատկանինք ազգի մը… կը յիշենք, որ իսկապէս այս աշխարհին վրայ գոյութիւն ունի «մենք» մը եւ «իրենք» մը… կը կրկնենք դարերէ ի վեր մեր քաղած «օտարից մեզ ֆայտա չկայ» իրականութիւնը, կը կրկնենք «կ՛երդուենք անբիծ պատուովը ձեր, ընդարձակել պայքարը մեր» խօսքը… բայց աւա՜ղ, երբ կրկին կը ծագի մեր դիմաց նիւթականի հրապուրիչ լոյսը, կարծես կ՛արթննանք մեր քունէն… եւ արդէն իսկ վայրկեաններ առաջ մեր կատարած ուխտերը կը դրժենք, կը մոռնանք զանոնք` առանց նոյնիսկ յանցաւոր զգալու… չէ՞ որ մարդ ենք, մարդ պիտի ապրի՛, մարդ պիտի շահի՛, մարդ պիտի վայելէ՛…

Իսկ մեր հայ եղբայրները, մեր նախահայրերը, անոնք, որոնք արդէն իսկ չկան… անոնք ալ կրնային մեզ նման նախընտրել ապրիլ, անոնք ալ կրնային վայելել… եւ ահա այսօր իրենց բնական դագաղներուն մէջ հանգչած` կը դիտեն մեր վայելքը,  կը տեսնեն, թէ ինչպէ՛ս մարդ անհատը իր եսը կը դասէ ազգէն վեր…

Բայց հարկաւոր է, որ ա՛լ անդրադառնանք, թէ  ազգի ու Դատի տէր անձի մը առաջնահերթութիւնը չի կրնար ըլլալ իր կամ ուրիշին «ես»-ը… «Մենք»-ը պէտք է ըլլայ մեր մէջ միակ գերիշխողը: Մենք իրաւունք չունինք այլ ազգերու նման համաշխարհայնանալու:

Նախ հայ, ապա` մարդ… ազգիս լաւութիւնը ինքնաբերաբար իմ լաւութիւնս է, իսկ իմ անձնական վերելքս, որ չի միտիր ազգս բարձրացնել, ոչինչ է մեր Դատին համար… ոչինչ է բացի ինքնասիրութենէ եւ ուրացումէ…

Մնա՛նք մեր նախահայրերուն պատուաւոր յաջորդները, վերադառնա՛նք մեր արմատներուն, մոռնա՛նք  մեր մարդկային իղձերն ու բնազդները եւ վերադառնանք մեր հայկական երազին: Արթնցնե՛նք կրկին հայու բնազդը, եւ երբ իւրաքանչիւր հայ արթննայ եւ սկսի ազգովին շարժիլ, ահա կը միանանք մարդկութեան շարքերուն:

Նախ հա՛յ, նախ հա՛յ, նախ հա՛յ, ապա… մարդ անհատ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Վիգէն Գ 10 years

    Շնորհակալութիւն այս տեղին յօդուածին համար:

  • Disqus ( )