50 Տարի Առաջ (20 Փետրուար 1963)

Հանգիստ Տ. Տ. Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի
Տանն
Կիլիկիոյ

Նսօտտ Վեհափառ Հայրապետը Երէկ Երկուշաբթի,
Կէսօրէ
Առաջ Ժամը 10:30-ին Աւանդեց
Հոգին
, Պէյրութի Ամերիկեան Հիւանդանոցին Մէջ,
Սրտի
Ծանր Տագնապի Մը Հետեւանքով

 Մարմինը Շաբաթ Օր Ս. Նշան Եկեղեցիէն Պիտի Փոխադրուի
Անթիլիաս
, Ուր Կիրակի Օր Տեղի Պիտի Ունենայ Թաղումը

Անհուն վշտով եւ անպատում յուզումով կը գուժենք դառնակսկիծ վախճանումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Զարեհ Ա.ի, որ հանգեաւ ի Տէր երէկ` երկուշաբթի, 18 փետրուար, կէսօրէ առաջ ժամը 10:30-ին, Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ, սրտի ծանր տագնապի մը հետեւանքով:

Վեհափառ հայրապետին մահուան բօթը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ Պէյրութի մէջ` անմխիթար սուգի մատնելով  հաւատացեալ հայ ժողովուրդը, որ երկու օրէ ի վեր, ի խորոց սրտէ կ՛աղօթէր վեհափառին ապաքինման համար:

Անակնկալ վախճանումը այնքան աւելի խոր ցնցեց հոգիները, որքան հայ ժողովուրդը կը հաւատար սիրելի վեհափառին տակաւին երկարամեայ հովուապետութեան:

Սրտաբուխ այսքան արցունք քիչ անգամ թափած է հայ ժողովուրդը իր մեծ դէմքերու անդարձ մեկնումին առթիւ: Համատարած սուգի քող մը իջած էր բոլոր դէմքերուն ու սրտերուն վրայ:

Խոր էր կսկիծը եւ շատ տաք արցունքը մասնաւորաբար Կիլիկեան միաբանութեան հոգեւոր հայրերուն, Ազգային իշխանութեանց մէջ` վեհափառի անմիջական գործակիցներուն, որովհետեւ Զարեհ Ա.ի մահով կիլիկեան դարաւոր Աթոռը եւ հայ ժողովուրդը կը կորսնցնէին անբասիր ու վեհոգի հայրապետներու ամէնէն լուսափայլ մէկ շաւիղը, որ գիտցած էր իր կարճատեւ գահակալութեան ընթացքին կազմակերպել Կիլիկեան Աթոռի թեմերը, հաւատքի եւ լոյսի կեդրոն մը դարձնել իր Աթոռը` շնորհիւ իր անձէն բխող հմայքին ու հեղինակութեան:

Մահուան բօթը ցնցած էր հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակները, երիտասարդ թէ ծեր, որոնք շարան-շարան կը փութային Անթիլիաս,  ուր ուխտատեղի մը եղած էր, եւ ուր վեհափառը  տեսած էին փառքի օրերուն, որ փառքն էր միաժամանակ Հայաստանեայց եկեղեցիին: Բոլորն ալ իրենց սրտին մէջ կ՛ապրէին խոր ափսոսանքը Մեծ Բացակային, որ արդարներու օթեւանէն հոգիի խաղաղութեամբ կը դիտէր իր անմխիթար ժողովուրդը:

Երէկ գրած էինք, թէ վեհափառին առողջական վիճակը բարելաւման նշաններ ցոյց կու տայ: Բայց կիրակի կէս գիշերէն վերջ տառապաքին ժամեր կը սկսին վեհափառին համար, որ բժիշկներու վկայութեամբ, անհանդարտ պահեր կ՛անցընէր` կուրծքին տակ վերստին ցաւեր զգալով: Ուշքը կը պահէ սակայն, եւ առաւօտուն, ողջոյն կու տայ դպրեվանքի տեսուչ հայր Գարեգինին, որ քովի սրահին մէջ կը մնար միշտ: Վեհափառը կը հարցնէ անոր, օրն ու ժամը, եւ ապա կ՛արտասանէ քանի մը նախադասութիւններ:

Այնուհետեւ վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ` արագօրէն ընթանալով դէպի անխուսափելի վախճանը: Բժշկական վերջին խնամքները անզօր կը մնան փրկելու համար վեհափառին կեանքը, ու ժամը ճիշդ 10:30-ին կ՛աւանդէ հոգին:

Անմիջապէս լուր կը տրուի ազգային վերին մարմիններուն, որոնք կը փութան հիւանդանոց` գլխաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Բարոյեանի, աննկարագրելի յուզումի մը մատնուած:

Սրբազան առաջնորդին պատուէրով, վեհափառին մարմինը կը զմռսուի հիւանդանոցին մէջ:

Մինչ այդ սրբազանը, Բերիոյ թեմի առաջնորդ  Ղեւոնդ արք. Չէպէյեան, Գարեգին վրդ. Սարգիսեան, պետական հայ երեսփոխանները, Ազգային իշխանութեանց անդամները եւ երեւելի ազգայիններ կը մեկնին Անթիլիաս, ուր սրբազանին նախագահութեամբ կը գումարուի ժողով մը` անմիջապէս կարգադրութիւններ ընելու համար:

Ժամը 2:30-ին սրբազան առաջնորդը, ընկերակցութեամբ պետական հայ երեսփոխաններուն, կ՛երթայ Զուքի նախագահական պալատը, ուր պաշտօնապէս կը հաղորդէ վեհին մահը հանրապետութեան նախագահ զօրավար Ֆուատ Շեհապի, Ն. Վսեմութիւնը, շատ զգացուած, իր ցաւակցութիւնները կը յայտնէ սրբազանին եւ երեսփոխաններուն ու անոնց միջոցով` հայ ժողովուրդին, աւելցնելով, թէ պետութիւնը ըստ պատշաճի պիտի մասնակցի յուղարկաւորութեան:

Միաժամանակ գուժկան հեռագիրներ կը տրուին Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ տոքթ. Նազըմ Քուտսիի, վարչապետ Խալետ Ազըմի եւ նախկին նախագահ Շիւքրի Քուաթլիի, Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս սրբազանին, Իրանի շահնշահին, Յունաստանի Փոլ թագաւորին եւ վարչապետ Քարամանլիսի, ինչպէս նաեւ` էջմիածնի, Պոլսոյ եւ Երուսաղէմի նուիրապետական աթոռներուն, Կիլիկիոյ թեմերու բոլոր առաջնորդներուն, տեղւոյս քոյր համայնքներու պետերուն, «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նախագահին, ՀԲԸ Միութեան նախագահին:

Ցաւակցական Այցելութիւններ

Վեհափառ հայրապետին մահուան լուրը խոր յուզումի մատնեց նաեւ Լիբանանի քաղաքական եւ կրօնական շրջանակները:

Յաջորդաբար Անթիլիաս ցաւակցական այցելութեան եկան Պէյրութի արք. Ինիաս Զիատէ, Պէյրութի ֆրանսական դեսպանը` տը Պուասոն, Կիպրոսի մարոնի եպսկ. Իլիաս Ֆարրան, Մեթնի երեսփոխան Մորիս Ժեմայէլ, հայ կաթողիկէ պատրիարք-կաթողիկոս Պաթանեան` ընկերակցութեամբ Կոգեան սրբազանի:

Ժամը 6:00-ին Անթիլիաս հասաւ Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Երուանդ վրդ. Աբէլեան:

Ցաւակցական այցելութեան եկան պապական նուիրակ Լամպերթինի, ասորի ուղղափառ եպս. Տիոնիսիա Ճիճաուի, Մեթնի երեսփոխան զօրավար Ժեմիլ Լահուտ:

Ազգային Վարժարանները Փակուեցան

Սրբազան առաջնորդին կարգադրութեամբ, իբրեւ սուգի արտայայտութիւն, երէկ կէսօրին ազգային բոլոր վարժարանները փակուեցան, եւ փակ պիտի մնան մինչեւ երկուշաբթի:

Երէկ եւ այսօր փակ են նոյնպէս Հայկազեան քոլեճը եւ քոյր յարանուանութեանց վարժարանները:

Փակուեցան նաեւ Պուրճ Համուտի եւ հայկական այլ թաղերու խանութները:

Բոլոր տեսակի հանդէսներն եւ տօնակատարութիւնները ջնջուած են:

Ժողովրդային Յարգանքի Մատուցումը

Վեհափառ հայրապետին զմռսուած մարմինը չորեքշաբթի, 20 փետրուար առտուան ժամը 7:00-էն սկսեալ, մահաբեմի մը վրայ դրուած` պիտի ցուցադրուի Ս. Նշան մայր եկեղեցիին մէջ, մինչեւ  շաբաթ օր: Հաւատացեալները իրենց վերջին յարգանքը մատուցելու համար կրնան այդ ժամէն սկսեալ տողանցել մարմինին առջեւէն:

Շաբաթ օր վեհին մարմինը պաշտօնական թափօրով պիտի փոխադրուի Անթիլիաս, ուր կիրակի, փետրուար 24-ին, տեղի պիտի ունենայ ազգային յուղարկաւորութիւն, որուն կարգադրութեան եւ պատրաստութեան մասին օրը օրին տեղեակ պիտի պահենք հայ հասարակութիւնը:

Լիբանանեան պետական ռատիոկայանը, ինչպէս նաեւ հեռատեսիլը երէկ գիշեր մանրամասնօրէն անդրադարձան վեհափառին մահուան: Հեռատեսիլէն ցոյց տրուեցան նկարներ` վեհին օծման արարողութիւններէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )