«Սիփան» Պարախումբը «Մեր Պարերը Եւ Մենք» Թեմայով Վարպետօրէն Ներկայացուց Հայկական Տոհմիկ Պարերը

Անցնող շաբաթավերջին Ժտէյտէի «Սաժես» սրահին մէջ 2 ելոյթներով հանդէս եկաւ Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի «Սիփան» պարախումբը` «Մեր պարերը եւ մենք» թեմայով, գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց` Գարինա Ալեքսանդրեան:

Արդարեւ, 2004 թուականին իր հիմնադրութենէն ի վեր «Սիփան» պարախումբը հանրութեան ներկայացած է 8 ելոյթներով: Այս տարի 9-րդ ելոյթն է: «Սիփան»-ի նպատակն է նոր սերունդը տոգորել հայկական պարը բարձր գնահատող շունչով:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեցին «Սիփան»-ի վարչութեան անդամ Հրակ Աւետանեան (հայերէն) եւ օգնական պարուսոյց Շահէ Տեմիրճեան (արաբերէն):

Անոնք նկատել տուին, որ պարախումբի հիմնադիր եւ պարուսոյց Գարինա Ալեքսանդրեան իր արհեստավարժութեան եւ մանկավարժական փորձառութեան շնորհիւ կազմեց սոյն հզօր մշակութային բանակը, զինեց եւ համաշխարհայնացման դէմ բեմ հանեց զայն` աւելցնելով, որ Ալեքսանդրեան կը հաւատայ, որ ժողովուրդի մը ապագան իր նորահաս սերունդն է, եւ եթէ զարկ տանք հայապահպանման գործնական աշխատանքին, ոչ միայն կը փրկենք ներկայ սերունդը օտարամոլութենէ, այլեւ ապահոված կ՛ըլլանք մեր ազգի ինքնութեան անվտանգութիւնը:

Այնուհետեւ պարախումբի 40 անդամները ներկայացուցին հայկական տարբեր շրջաններու ազգագրական պարերու փունջ մը: Ներկայացուած 24 պարերուն ընդմէջէն կ՛արտացոլար պարուսոյց Գարինա Ալեքսանդրեանի տաղանդը, որուն շնորհիւ պարողները մեծ յաջողութեամբ կրցան գոհացնել հադիսատեսները, որոնք հմայուած էին անոնց հեզաճկուն շարժումներով: Ներկայացուած պարերէն յիշենք` «Վաղարշապատ», «Տնից փախել եմ», «Քոչարի», «Նայիրեան դալար բարտի», «Առաւօտ», «Սասուն», «Մշեցի», եւ այն:

Աւարտին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ վարժարանի տնօրէն Վարդուհի Պալըքճեան: Ան մաղթեց, որ պարախումբը սոյն պարերը ներկայացնէ նաեւ բռնագրաւեալ Վանի եւ Մուշի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )