Սպանիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Աւարտական Մրցումը` «Սանթիակօ Պեռնապէօ» Դաշտին Վրայ
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը նախորդ շաբաթավերջին իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ յայտնեց, որ Սպանիոյ ֆութպոլի («Քինկզ Քափ») մրցաշարքին աւարտական մրցումը` Ռէալ Մատրիտի եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի միջեւ, տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ, 17 մայիսին` Ռէալի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ:
Այս մրցումին վայրը եւ թուականը ճշդուեցաւ, երբ երկու ակումբներուն պատասխանատուները հանդիպում մը ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հետ` մայրաքաղաքէն դուրս, յայտնեց ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (www.rfef.es):
Սպանիոյ մէջ աւարտական մրցումին դաշտ մը գտնելը միշտ ալ խնդիրներու եւ վիճաբանութիւններու հարց կը ստեղծէ:
Նախորդ տարի Պարսելոնա եւ Աթլեթիքօ Պիլպաօ զայրացան Ռէալ Մատրիտէն, որովհետեւ անիկա մերժեց իր դաշտին վրայ հիւրընկալել աւարտական այս մրցումը: Անիկա տեղի ունեցաւ Աթլեթիքոյի «Քալտերոնի» դաշտին վրայ:
Նշենք, որ ըստ սպանական մամուլին, աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր, որպէսզի հարցեր տեղի չունենան, անոր յաջորդող օրը Մալմոյի մէջ (Շուէտ) տեղի պիտի ունենայ «Եւրատեսիլ»-ի երգի փառատօնը: