Աշխարհի Մարմնամարզութեան Բաժակի Մրցաշարք. 5 Հայ Մարմնամարզիկներ Պիտի Մեկնին Քաթար
Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը այժմ կը պատրաստուի յառաջիկայ 26-30 մարտին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, PanArmenian.Net լրատուական կայքէջի թղթակիցին յայտնած է Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ եւ միջազգային կարգի իրաւարար Յակոբ Սերոբեան:
Իր խօսքին մէջ ան ըսած է. «Հաւաքականը ձեւաւորեցինք` հիմնուելով Հայաստանի ախոյեանութեան արդիւնքներուն վրայ: Առիթ տուած էինք, որ երիտասարդներն ալ մեծերու ախոյեանութեան մրցումներուն մասնակցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ նոր տղաք յայտնաբերենք: Անոնք արժանիօրէն կրնան փոխարինել մեր փորձառու մարմնամարզիկները` Յարութիւն Մերտինեանն ու Արթուր Դաւթեանը: Պէտք է ըսել, որ ախոյեանութիւնը բաւական սուր ձեւով ընթացաւ»:
Նշենք, որ հաւաքականը այժմ կը մարզուի Ալպերթ Ազարեանի անուան մարզադպրոցին մէջ:
«Անոնք հոն առիթը պիտի ունենան քիչ մը դժուար փորձերու մասնակցելու, որպէսզի լաւ արդիւնք արձանագրեն յառաջիկային տեղի ունենալիք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Յոյսով ենք, որ Արթուր Դաւթեան, Սերոբ Սողոմոնեան, Յարութիւն Մերտինեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արթուր Թովմասեան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեն Քաթարի մէջ», եզրափակեց մարզիչը: