«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պարսելոնա – Ա. Սէ. Միլան

Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնա այսօր քիչ մը դժուար մրցում մը ունի կատարելիք, երբ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ իր դաշտին վրայ հիւրընկալէ Ա. Սէ. Միլանը:

Այս մրցումը սպանական կազմին համար պիտի ըլլայ քիչ մը դժուար` այն իմաստով, որ անիկա 2-0 արդիւնքով ուշացած է:

Եթէ պատահի, որ Պարսա յաջողի 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրել, բնականաբար մրցումը պիտի երկարաձգուի:

Նոյն ժամուն, Պէյրութի ժամանակացոյցով` ժամը 21:45-ին, Շալքէ պիտի հիւրընկալէ Կալաթասարայը, որուն հետ երթին 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )