Նախագահ Սարգսեանի Հետ Հանդիպման Ընթացքին Փութին Հայաստանի Հետ Յարաբերութիւնները Առանձնայատուկ Նկատեց
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան օրինաչափ նկատեց նախագահական ընտրութենէն ետք իր առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը Մոսկուա: «Ռուսիա մեր ռազմավարական գործընկերն է, մեր դաշնակիցը, եւ անով ամէն ինչ ըսուած է», ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան` յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ժամանակ:
Փութին իր կարգին յայտարարեց, որ Ռուսիա եւ Հայաստան ունին յատուկ յարաբերութիւններ եւ կրկին շնորհաւորեց Սերժ Սարգսեանը նախագահական ընտրութիւններուն յաղթելու առիթով:
«Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւնները առանձնայատուկ են: Ընդհանուր առմամբ` անոնք յաջող ձեւով կը զարգանան: Հակառակ համաշխարհայնացած տնտեսութեան որոշակի դժուարութիւններուն` նախորդ տարի ապրանքաշրջանառութիւնը աճեցաւ աւելի քան 20 առ հարիւրով, եւ ես հաճոյքով կը նշեմ, որ Ռուսիա կը շարունակէ պահել առաջին դիրքը Հայաստանի հետ առեւտրական-տնտեսական շրջանառութեան մէջ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
Սերժ Սարգսեան Վլատիմիր Փութինը հրաւիրեց Հայաստան այցելութեան: