50 Տարի Առաջ (14 Մարտ 1963)

Տոմսեր

Պատմութեան Վկայութիւններէն

Կարելի՞ էր խուսափիլ Ա. Աշխարհամարտէն եւ պահպանել խաղաղութիւնը` 1914-1918:

Այո՛, կը պատասխանէ պարոն Ֆոն Կիզըլ, որ Աւստրեւհունգար կայսրութեան դեսպանն էր Պելկրատի մէջ, 1914 յուլիսի ճակատագրական օրերուն:

Էտմընտ Թէյլըր, որ խիստ հետաքրքրական հատոր մը հրատարակած է Եւրոպայի կայսերական գերդաստաններու անկումի պատճառներուն մասին, կը յիշատակէ ուշագրաւ հետեւեալ դէպքը:

Սարայեւոյի զոյգ ոճիրները գործուած էին եւ Աւստրեւհունգարիա կը պատրաստուէր վերջնագիր տալու Սերպիոյ, ծանր պայմաններով, որոնք գրեթէ անընդունելի էին:

Եւրոպայի մթնոլորտը վառօդ կը հոտէր եւ ծանր հրետանիի անիւները կը սկսէին դառնալ դէպի սահմանագլուխ…

Քիչ մարդիկ կային, որոնք պիտի կարենային ճակատագրին հեռահաս ու դաւադիր ձեռքը պրկել` կասեցնելու համար ահաւոր արիւնահոսումը, հրէշային իր բոլոր բարդութիւններով…

Այդ քիչերէն մէկն էր Ռուսիոյ Պելկրատի դեսպան Նիքոլաս Հենրիքովիչ տը Հարթվիկ` չարաշուք այլ հեղինակաւոր դէմք մը, որուն ազդեցութիւնը մեծ էր թէ՛ Սերպիոյ կառավարութեան եւ թէ՛ Աւստրիոյ գահաժառանգ զոյգի ահաբեկիչ, յեղափոխական «Սեւ ձեռք» կազմակերպութեան վրայ:

Վախնալով ահաւոր բարդութիւններէն, որոնք մեծ աշխարհամարտի մը կրակը սկսած էին վառել պալքաններու մէջ, դեսպանը կ՛որոշէ օգնել խաղաղութեան եւ այդ նպատակով կ՛այցելէ Աւստրիոյ դեսպան ֆոն Կիզըլի:

Այս վերջինը, ուրախ` իր հիւրին տրամադրութենէն, ճաշի կը հրաւիրէ զայն:

Ռուս դեսպանը, հազիւ բերանը պատառ մը բան դրած, կ՛իյնար սակայն սեղանին վրայ: Հրաւիրուած բժիշկին ուրիշ բան ընել չէր մնար, բայց եթէ հաստատել անոր մահը…

Ռուսիա կը կասկածի անշուշտ, որ դեսպանը թունաւորուած էր աւստրիացիին կողմէ… Մթնոլորտը աւելի եւս կը ծանրանայ: Ժամանակը իսկապէս սուղ էր եւ ճակատագրին պէս անխնայ…

Դէպքերը կը գահավիժէին, որովհետեւ շատ դժուար է կասկածները փարատել մարդոց մտքին մէջ…

Հազիւ երկու շաբաթ ետք, Ս. Փեթերսպուրկի մէջ, կայսերական Գերմանիոյ դեսպան կոմս Ֆրիտրիխ ֆոն Փուրթալես, Ռուսիոյ տրուած վերջնագրին պատասխանը չստանալով, պատերազմի յայտարարութիւնը խիստ շեշտով կը կատարէ` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սարազովի ըսելով.

– Կայսերական գերման կառավարութիւնը մարտահրաւէրը կ՛ընդունի եւ պատերազմ կը յայտարարէ Ռուսիոյ դէմ:

Ասիկա ըսելէ ետք գերման դեսպանը կ՛երթայ պատուհանին մօտ, ու կը սկսի… լալ:

Սազանով կը ջանայ մխիթարել դեսպանը, որ կը հեկեկար.

– Այսպէ՜ս պիտի բաժնուէինք իրարմէ, մենք` տարիներու բարեկամներս… Ինչո՞ւ համերաշխութիւն չըլլար եւ երկու կողմերը չհաշտուէին…

Արդարեւ, Սազանով եւ դեսպան Փուրթալես բարեկամներ եղած էին:

Սակայն, ի վերջոյ, իրենք չէին պատերազմիկները… Ու միայն ռուսական կողմը` 1914-1917 աշխարհամարտի սպանդանոցին մէջ կը կորսնցնէր աւելի քան ինը միլիոն զինուոր, 76.3 առ հարիւրը  դրօշի տակ կանչուած բոլոր ռուս երիտասարդներուն…

Հրա՞շք էր, որ յեղափոխութիւնը պայթեցաւ…

ԳԻՍԱՒՈՐ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )