«Մեզի Կողմնակի Խորհուրդներ Պէտք Չեն» Կ՛ըսէ Ալիեւ

Իլհամ Ալիեւ

Ազրպէյճանական contact.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 2013-ի առաջին եռամսեակին Ազրպէյճանի մէջ ընկերային-տնտեսական զարգացման արդիւնքներուն նուիրուած կառավարական նիստին ընթացքին «օտարերկրեայ ուժերուն» կոչ ուղղած է ազրպէյճանական իշխանութիւններուն խորհուրդներ չտալու եւ չմիջամտելու երկրի ներքին գործերուն:

«Մենք այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններ կառուցելու ընթացքին կ՛առաջնորդուինք փոխադարձ յարգանքի եւ չմիջամտելու սկզբունքով, ինչ որ միջազգային ասպարէզին մէջ ընդունուած սկզբունք է: Մենք գիտենք ինչպէս կառավարել մեր երկիրը, մեզի կողմնակի խորհուրդներ պէտք չեն», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ «մենք ուժեղ երկիր ենք, այստեղ ժողովուրդն ու իշխանութիւնը միասնական են»:

Contact.az կարծիք կը յայտնէ, որ Ալիեւ իր այդ յայտարարութեամբ պատասխանած է Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներն ու ազատութիւնները յարգելու եւ երաշխաւորելու մասին միջազգային հանրութեան կոչերուն:

Վերջին շուրջ երկու ամսուան ընթացքին միայն Եւրոպական Միութիւնը երկու անգամ Պաքուին կոչ ուղղած է յարգելու մարդու իրաւունքները եւ դադրեցնելու բռնաճնշումները ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ: Նոյն յորդորով երեքշաբթի օր հանդէս եկաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )