Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Իրանի Դէմ Իսրայէլի Յարձակումին Աջակցելու Որոշում Մը Որդեգրեց

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը որդեգրեց Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծելուն պարագային Իսրայէլի աջակցելու եւ իրանեան որեւէ սպառնալիքի դէմ անոր ինքնապաշտպանութեան իրաւունքին թիկունք կանգնելու մասին թիւ 65 բանաձեւը, որ Իսրայէլի դիւանագիտական, տնտեսական եւ զինուորական օժանդակութիւն ստանալու իրաւունք կու տայ:

Ըստ ծերակուտականներ Ռոպըրթ Մենենտեսի եւ Լինտսի Կրահամի կողմէ ներկայացուած բանաձեւին, Միացեալ Նահանգներ այս քաղաքականութիւնը կ՛որդեգրէ Իրանի հիւլէական փառամոլութեանց վերջ դնելու համար:

Որոշումին թեր քուէարկեցին յանձնախումբի 100 անդամներէն 70-ը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )