Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ ինք կառչած չի մնար իր պաշտօնին` աւելցնելով, որ շրջանառութեան մէջ դրուած կառավարական հաւանական կազմերու մասին յայտարարութիւնները անճիշդ են:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ երբ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները մտերմաբար այցելեն դեսպանատուն, այդ ատեն է, որ ինք կ՛ընդունի զանոնք: Ան աւելցուց, որ ինք լիբանանեան իշխանութիւնները տեղեակ պահած է առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու նպատակով որդեգրուած թրքական քայլերուն մասին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Ասիրի յայտնեց, որ Ռիատի համար Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը ներքին լիբանանեան հարց մըն է, որուն ինք միջամուխ չի փափաքիր դառնալ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց  Հըզպալլան այս հանգրուանին կառավարութեան մէջ չներառելու դժուարութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ-պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնը` Սուրիայէն Լիբանան հասած գաղթականներուն օժանդակելու առումով:

ԻՍՐԱՅԷԼԻ պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն շեշտեց, որ Լիբանանը սուղ պիտի վճարէ Իսրայէլի դէմ Հըզպալլայի գործելիք որեւէ յարձակումին գինը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը սուրիական ոտնձգութիւններուն դէմ տեղեկագիր մը կը պատրաստէ:

ԹՐԻՓՈԼԻԻ մէջ Արաբական ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ապտել Լաթիֆ Սալեհի դէմ կրակած են` առանց զայն թիրախ դարձնելու: Սալեհ յայտնեց, որ այդ արարքին նպատակն է Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ զինեալ բախումներուն վերսկսիլ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 400 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 300 լ. ոսկիով:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի կողմէ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը կ՛ուղղուի դէպի պէտք եղած ուղին` առանց աճապարանքի եւ սերտուած կերպով:

ԱՊՈՒ Տապի Լիբանան ուղարկեց 20 լիբանանցիներ` առանց այդ մասին պատճառներ ներկայացնելու:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամ տակաւին յստակ պատկերացումի մը չէ յանգած կառավարութիւն մը կազմելու առումով: Նոյն աղբիւրին համաձայն, Սալամ կ՛ուղղուի անձամբ ստանձնելու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վարչապետ Թամմամ Սալամին հաստատեցին, որ ան չի կրնար Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն վրայ անուններ պարտադրել:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ անհրաժեշտ նկատեց նոր կառավարութեան մէջ երեսփոխանական պլոքներուն համեմատութիւնները նկատի ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Սուրիոյ բախումներուն  Հըզպալլայի մեղսակցութիւնը կը սպառնայ Լիբանանին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է Լիբանան-Սուրիա սահմանին վրայ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա երբեք կողմնակալութիւն պիտի չկատարէ, այլ` ան ճիգ պիտի չխնայէ Լիբանանի գերագոյն շահերը իրականացնելու ի խնդիր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )