«Առանձնաշնորհումի Ճարտարարուեստը Լիբանանեան Տնտեսութեան Հիմնասիւներէն Է» Շեշտեց Նախարար Սապունճեան
Հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ բացումը կատարեց առեւտրական առանձնաշնորհումի Պէյրութի միջազգային խորհրդաժողովին:
Լիբանանցի գործարարներուն կողքին, խորհրդաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին 25 երկիրներէ ժամանած գործարարներ:
Խօսքեր արտասանեցին հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան, տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհաս, Պէյրութի տնտեսական, ընկերային եւ առեւտուրի պալատներու նախագահ Մոհամետ Շուքէյր եւ Տնտեսութեան ու աշխատանքի խմբաւորումի նախագահ Ռաուֆ Ապու Զաքի:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ առանձնաշնորհումի ճարտարարուեստը, առեւտուրին, ծառայութիւններուն եւ ճարտարարուեստին կողքին, լիբանանեան տնտեսութեան հիմնասիւներէն է:
Ան ընդգծեց, որ առանց ճարտարարուեստի առեւտուր չկայ` աւելցնելով, որ հակառակը նաեւ ճիշդ է: «Մենք այսօր համոզումով նաեւ կը հաստատենք, որ ճարտարարուեստ, առեւտուր եւ ծառայութիւն չկան առանց գերազանց արդիւնաբերութեան եւ առանձնաշնորհումի մշակոյթին», ըսաւ Վ. Սապունճեան: