«Վրաստանը Կրնայ Օգնել Հայ-Ազրպէյճանական Խնդիրներու Լուծման» Կ՛ըսէ Ճէյմս Ափաթուրայ

Ճէյմս Ափաթուրայ

«Ափսնի» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ ՕԹԱՆ-ի կեդրոնատեղիին մէջ Վրաստանի խորհրդարանական պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է, որ Վրաստան կրնայ նպաստել հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման:

«ՕԹԱՆ կ՛ողջունէ բարեփոխումները, որոնք կ՛իրականանան Վրաստանի մէջ: Այն, ինչ որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան 1 հոկտեմբերին (նկատի ունի խորհրդարանական ընտրութիւնները), մեծ քայլ էր երկրի ժողովրդավարական զարգացման ճամբուն վրայ», յայտնած է ան` աւելցնելով, որ «փոփոխութիւններ եղած են եւ պիտի ըլլան. Վրաստանը, սակայն, կը շարունակէ մնալ ՕԹԱՆ-ի վստահելի գործընկերը, որ յստակ կերպով դէպի ՕԹԱՆ կը ձգտի: Վրաստան կրնայ մեծ ներդրում ունենալ շրջանին անվտանգութեան ապահովման հարցին մէջ եւ խաղալ այն դերը, որ Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կ՛օգնէ լուծել իրենց խնդիրները»:

Նշենք, որ Վրաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը երեքշաբթի օր երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ հասած էր: Պատուիրակութեան կազմին մէջ են Վրաստանի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց, եւրոպական համարկումի, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու անդամներ: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ Զվիատ Քվաչանթիրածէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )