Վրաստանի Մէջ Հայկական Հասարակական Կազմակերպութիւնները Խորհրդարանէն Կը Պահանջեն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Վիրահայոց թեմի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի մէջ գործող հայկական աշխարհիկ ու կրօնական կազմակերպութիւնները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով դիմած են Վրաստանի խորհրդարան:

Դիմումին մէջ կ՛ըսուի, որ «մենք` ներքոստորագրեալ Վրաստանի հայ համայնքի աշխարհիկ եւ կրօնական կազմակերպութիւններս, յանուն արդարութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներու նուիրուածութեան, կոչ կ՛ուղղենք միանալու աշխարհի քաղաքակիրթ հասարակութեան նախաձեռնութիւններուն եւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ կազմակերպելու քննարկում Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վերաբերեալ»:

«1915-1923 թուականներուն վերոնշեալ ծրագիրին պատճառով հայ ժողովուրդը կորսնցուց աւելի քան երկու միլիոն հայրենակից եւ իր հայրենիքին մեծ մասը: 1915-1923 թուականներուն հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած յանցագործութիւնը կ՛որակուի ցեղասպանութիւն, որ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւն է: Ատոր մասին կը վկայեն իրաւական այն փաստաթուղթերը, զորս 1915-ի մայիսին ընդունեցին Բրիտանիան, Ֆրանսան եւ Ռուսիան: Հայ ազգի իրաւունքներու վերականգնման հարցը 1919-ին քննարկուած է Փարիզի խաղաղութեան խորհրդաժողովին ընթացքին: Հայոց ցեղասպանութիւնը ապացուցող փաստ է նաեւ 1920-ին ստորագրուած Սեւրի համաձայնագիրը: Հայոց ցեղասպանութեան նշանները լիովին կը համընկնին 1943-ին հրէական ծագումով լեհ փաստաբան Ռաֆայէլ Լեմքինի մշակած եւ 1948-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին հետ, ըստ որուն, որդեգրուեցաւ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին հռչակագիր»-ը: Անհրաժեշտ է նշել, որ 1993-ի հոկտեմբերին Վրաստանը վաւերացուց այս հռչակագիրը», կ՛ըսուի նամակին մէջ:

Դիմում-նամակը ստորագրած են հետեւեալ կազմակերպութիւնները` Վրաստանի հայ համայնք, Վրաստանի Հայ առաքելական ուղղափառ եկեղեցւոյ «Հայարտուն» կրթական, մշակութային եւ երիտասարդական կեդրոն, Վրաստանի հայերու ազգային քոնկրես, Թիֆլիսեան հայերու վեհաժողով, Վրաստանի «Վերնատուն» հայ գրողներու միութիւն, Վրաստանի հայ համայնքի ուսանողական միութիւն, Վրաստանի հայ համայնքի երիտասարդական միութիւն, Վրաստանի հայ նկարիչներու միութիւն, Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութիւն եւ Վրաստանի հայ երաժիշտներու միութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )