Արուեստի Աշխարհէն. Բրիտանացիներուն Նախասիրած Փիքասոն Կ՛ուղղուի Քաթար

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ՍԵՓԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՃԱԽ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՐՍՏՈՒԹԵԱՆ ՑՈՒՑԱՆԻՇ Է: ԵՐԲ ԱՐԺԷՔԱՒՈՐ ՀՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ, ԳԵՂԱՆԿԱՐ ՄԸ ԿԱՄ ՔԱՆԴԱԿ ՄԸ ԿԸ ԳՆՈՒԻ ԱՅԼ ԵՐԿՐԻ ՄԸ ԿՈՂՄԷ, ԱՀԱԶԱՆԳԵՐ ԿԸ ՍԿՍԻՆ ՀՆՉԵԼ: ՅԱՏԿԱՊԷՍ ԲՐԻՏԱՆԱՑԻՔ ԳԵՐԶԳԱՅՈՒՆ ԵՆ ՆՄԱՆ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐՈՒ ՆԿԱՏՄԱՄԲ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» Կ՛ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ:

Փապլօ Փիքասոյի ամէնէն աւելի սիրուած գործերէն մէկը, որ կը ցուցադրուի Բրիտանիոյ մէջ, յառաջիկայ ամիս դուրս պիտի գայ երկրէն եւ յայտնապէս պիտի ուղղուի Քաթար: Մասնագէտներ իրենց յուսախաբութիւնը յայտնած են, երբ «Չայլտ ուիտ է տաւ» (մանուկ` աղաւնիի հետ) գեղանկարը կարելի չէ եղած պահել Բրիտանիոյ մէջ, նշելով, որ երկրին մէջ բարեսիրական նուիրատուութիւնները աւելցնելու միտող քայլերը «հաւանաբար բաւարար չեն»:

«Լը Ֆիկարօ» կը տեղեկագրէ, թէ Քաթար 50 միլիոն փաունտի գնած է Փիքասոյի համեմատաբար կանուխ ժամանակներու գործը: Քաթարի իշխանական ընտանիքը իր հաւաքածոյին համար նախապէս գնած է գործեր Մարք Ռոթքոյէն եւ Փոլ Սեզանէն:

«Չայլտ ուիտ է տաւ» գեղանկարը 1924¬էն ի վեր կը գտնուի Բրիտանիոյ մէջ: Բրիտանիոյ Արուեստի խորհուրդը զայն նկարագրած է իբրեւ «Փիքասոյի հաւանաբար ամէնէն հռչակաւոր գործը` բրիտանական հաւաքածոյի մը մէջ»: Անիկա կը նշէ գեղանկարիչին անցումը` դէպի իր արուեստի Կապոյտ ժամանակաշրջանի ստեղծագործական ոճը:

Քրիսթի՛զ աճուրդի վաճառատունը անցեալ տարի գեղանկարը վաճառած էր Կալէսի մէջ բնակող Ապերքոնուայ ընտանիքին անունով: Պետութիւնը սահմանած էր զայն երկրէն դուրս ուղարկելու դէմ ժամանակաւոր արգելք մը` հետեւելով Արուեստի խորհուրդին Վերատեսող յանձնախումբին ցուցմունքին: Սակայն արգելքին պայմանաժամը աւարտեցաւ դեկտեմբերին, եւ բրիտանական ոչ մէկ հաստատութիւն յաջողեցաւ գումար գոյացնել` գեղանկարը պահելու համար Բրիտանիոյ մէջ:

Վերատեսող յանձնախումբի ատենապետ Լորտ Ինկլվուտ «Տի Ինտիփենտընթ» թերթին ըսած է. «Մեծ ամօթ է, որ մեր հաստատութիւնները չյաջողեցան բաւարար գումար ապահովել` արուեստի այս գեղեցիկ գործը երկրին մէջ պահելու համար: Յայտնապէս դժուարութիւնը նիւթական էր: Թէեւ որոշ քայլեր առնուած են` երկրին մէջ աւելցնելու համար բարեսիրական նուիրատուութիւնները, սակայն իրողութիւնը ցոյց կու տայ, թէ անոնք բաւարար չեն»:

Գեղանկարը այս օրերուն մաս կը կազմէ Քորթոլտ պատկերասրահին կողմէ կազմակերպուած «Պիքամինկ Փիքասօ. Փարիզ, 1901» ցուցահանդէսին, որ վերջ կը գտնէ մայիս 27-ին: Այնուհետեւ գեղանկարը պիտի վերադառնայ Քրիսթի՛զ: Աճուրդի վաճառատունը կը մերժէ որեւէ բան յայտնել գեղանկարին վերադարձէն ետք իր յաջորդ քայլերուն վերաբերեալ:

Քորթոլտ պատկերասրահին 20-րդ դարու արուեստի գործերու պատասխանատուն` Պառնըպի Ռայթ կ՛ըսէ. «Միշտ ալ ամօթալի է, երբ արուեստի մեծ գործեր դուրս կ՛երթան երկրէն»: Ան կ՛աւելցնէ, թէ գեղանկարը «անհաւատալիօրէն գրաւիչ է: Թէեւ ոմանք յուզական կը նկատեն զայն, սակայն կը կարծեմ, թէ անիկա ունի դիպուկ յատկութիւն մը: Միաժամանակ` գեղեցիկ նկար մըն է: Կը խորհրդանշէ այն պահը, երբ Փիքասօ կը գտնէր իր սեփական արտայայտչաձեւը»:

Փիքասոյի մասնագէտ Կէյս վան Հենսպերկեն կ՛ըսէ. «Ասիկա Փիքասոյի կանուխ ժամանակներու ամէնէն գեղեցիկ գործերէն է: Բաւարար պատճառներ կան մտածելու, թէ ինչո՛ւ ժողովրդականութիւն կը վայելէ: Ներկայ ժամանակներու տնտեսական տագնապէն առաջ նման որակի եւ արժէքի գործեր երբեք ձեռքէ ձեռք չէին անցներ: Աշխարհը փոխուեցաւ, եւ ոչինչ հաստատ է այլեւս: Տխուր է անդրադառնալ, թէ կայսրութիւններ փուլ կու գան եւ մշակոյթը կ՛աներեւութանայ դրամին հետ»:

Մինչ Քաթար արուեստի գործերու շուկաներու մէջ տիրական ներկայութիւն դարձած է վերջին քանի մը տարիներուն, անդին` անիկա տեւաբար կը մերժէ հաստատել, թէ արուեստի ի՛նչ գործեր գնած է, հակառակ այն տեղեկութիւններուն, թէ 250 միլիոն տոլար վճարած է Սեզանի «Տը քարտ փլէյըրզ» (թղթախաղ խաղցողները) գեղանկարին համար եւ 72 միլիոն տոլար` Ռոթքոյի «Ուայթ սենթըր (ելօ, փինք էնտ լաւենտըր ան ռոզ» (ճերմակ կեդրոն) գեղանկարին:

Արուեստի գործեր գնելու արշաւին կը վերահսկէ Քաթարի իշխանին աղջիկը` իշխանուհի Մայասա Թանի:

Գեղեցիկ արուեստներու հիմնադրամի գլխաւոր գործավար Ֆիլիփ Հոֆման կ՛ըսէ. «Ներկայիս Քաթար աշխարհի գլխաւոր երեք գնորդներէն մէկն է եւ ունի հսկայական աղբիւրներ: Անիկա ինքզինք մեծ յանձնառութեան տակ դրած է` դառնալու համար Միջին Արեւելքի արուեստի շուկային կեդրոնը: Քաթարցիք կը ձգտին տիրանալ բազմաթիւ հռչակաւոր գործերու, սակայն ամէն ինչ սահման մը ունի»:

Արաբական Ուժ Կամ` Քաթարի Արուեստի «Հունձքը»

«Թուղթ խաղցողները»

Փոլ Սեզան գծած է 5 տարբերակներ: Կը կարծուի, թէ 2011-ին Քաթար անոնցմէ մէկը գնած է 250 միլիոն տոլարի, կոտրելով մրցանիշ մը: Գեղանկարը գնելու համաձայնութեան մանրամասնութիւնները հրապարակուեցան գնումէն ամիսներ ետք:

«Ճերմակ կեդրոն»

Կը կարծուի, թէ Ծոցի էմիրութիւնը նաեւ գնած է Մարք Ռոթքոյի այս գործը, որ 2007-ին աճուրդի Սոթպի՛զ վաճառատան Նիւ Եորքի մասնաճիւղին մէջ վաճառուեցաւ 72.8 միլիոն տոլարի:

«Տղամարդիկը` անոր կեանքին մէջ»

Էնտի Ուորհոլի գծած Էլիզապէթ Թէյլըրի դիմանկարը «Տի Արթ Նիւզփէյփըր» թերթին համաձայն, հաւանաբար այժմ Քաթարի սեփականութիւնն է, թէեւ հակառակը կը փորձէ հաստատել արուեստի վաճառական Ֆիլիփէ Սեկալոթ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )