Պռօշեանցիներու Ցոյց` Հայաստանի Վերաքննիչ Դատարանին Առջեւ

Երէկ յետմիջօրէին շուրջ 200 պռօշեանցիներ հաւաքուած էին Հայաստանի վերաքննիչ դատարանին առջեւ, ուր տեղի կ՛ունենար Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանը սպաննած ըլլալու կասկածով ձերբակալուած Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեաններու կալանքի որոշումը վիճարկելու գործով առաջին դռնփակ նիստը:

Շարժումին մասնակիցները, որոնց կարգին Արայիկ Պետրոսեանի հարազատները, բարձրացուցած էին «Բացայայտէ՛ք իրական յանցագործին», «Ազատութի՛ւն Արայիկին», «Պռօշեանը Արայիկի հետ է» կարգախօսներով պաստառներ, ինչպէս նաեւ կը բացագանչէին` «Ազատութիւն», «Արդարութիւն»:

«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին պռօշեանցիներէն մէկը նշած է, որ ձերբակալուածները շատ ազնիւ ու նախանձելի երիտասարդներ են եւ նման յանցանք կատարելու ատակ չեն: «Թող իրենց մէջ փնտռեն իրական յանցագործը: Իրական մարդասպանը երեւի հիմա լաւ կը ծիծաղի բոլորիս վրայ», ընդվզումով արտայայտուած է Արայիկ Պետրոսեանի հարազատներէն մէկը:

Մինչ այդ, ոստիկանութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ ոստիկանութեան քննչական գլխաւոր վարչութեան յատկապէս կարեւոր գործերով քննութեան վարչութիւնը Արայիկ Պետրոսեանի դէպքին օրը հագած մարզական տարազին վրայէն դատաքիմիական փորձաքննութեամբ յայտնաբերած էր կրակոցի հետքեր:

Այս մասին խօսելով` Արայիկ Պետրոսեանի կինը յայտնած է. «Այդ նիւթը ամէն բանի վրայէն կրնան յայտնաբերել, սակայն ատիկա հիմք չէ: Արայիկը այդ օրը մարտկոց փոխած է, կարելի է` անոր հետքերը ըլլան»: Տատիկ մը աւելցուցած է, որ իրաւ մարդասպանը ամէն ինչ պիտի ընէ հետքերը անհետացնելու համար եւ ոչ թէ հանգիստ պիտի մնայ:

Աւելի ուշ բողոքի ցոյցը դադրեցաւ Արտակի եւ Արայիկի հօր` Արշալոյս Պետրոսեանի խնդրանքով: Վերջինս «Փաստինֆօ»-ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ պռօշեանցիներէն խնդրած է բողոքը դադրեցնել, որովհետեւ ինք պիտի երթայ ոստիկանատուն` դիտել տալով, որ բողոքողները արդէն իրենց խօսքը լսելի դարձուցին: Ա. Պետրոսեան ոստիկանութիւն գացած է` բողոքին նպատակը բացատրելու համար: «Այնպիսի հարցեր չեն եղած, որ ճամբան կ՛ուզենք փակել, անշնորհքութիւն կ՛ընենք կամ ալ քաղաքական հարց կը դարձնենք», նշած է Արշալոյս Պետրոսեան` աւելցնելով, որ ճամբայ փակելու մտադրութիւն չկար, այլ բողոքի ցոյցի մասնակիցները ուզած են պարզապէս, որ «Արայիկի եւ Արտակի նկատմամբ արդարացի մօտեցում ըլլայ»: Ա. Պետրոսեան ընդգծած է նաեւ, որ բողոքի ցոյցը կազմակերպուած է պռօշեանցիներուն փափաքով, եւ ինք այդ մասին տեղեակ իսկ չէ եղած:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )